ՅՍՏԱԿ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիա-Իրաք յարաբերութիւններուն մէջ այս շրջանին նկատելի դարձած է նոր աշխուժութիւն մը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի վերջին օրերու շփումներն ալ առիթ դարձան երկար ընդհատումէ մը վերջ բարձր մակարդակի այցելութեան մը։ Նախարարը թէ՛ Պաղտատի կեդրոնական իշխանութիւններուն եւ թէ Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Իսկ Էրպիլի մէջ, բացի Իրաքեան Քիւրտիստանի վարչապետ Մեսրուր Պարզանիէն, Հաքան Ֆիտան մէկտեղուեցաւ երկու ազդու քաղաքական դէմքերու՝ Մեսուտ Պարզանիի եւ Նեչիրվան Պարզանիի հետ։
Ուղեւորութեան ընթացքին Հաքան Ֆիտան շեշտեց, որ Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Թուրքիա կը կարեւորէ նաեւ Իրաքի հզօր ըլլալը։ Հանդիպումներու ընթացքին Հաքան Ֆիտան պահանջեց, որ Իրաքի կառավարութիւնը ՓՔՔ-ն ընդգրկէ՝ պետութեան կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ընկալուածներու ցուցակին մէջ։ Էրպիլի շփումներու ընթացքին ալ Ֆիտան դիտել տուաւ, որ ահաբեկչական փորձանքէն փրկուելու համար տակաւին շատ գործ կայ։ Նախարարը իր երկխօսներու նկատառման յանձնեց, որ Թուրքիայէն ներս այս խնդիրը մեծաւ մասամբ հարթուած է, ներկայիս ՓՔՔ Իրաքի տարածքէն ներս ինքզինք կը թաքցնէ։ Հաքան Ֆիտան շփումներուն ընթացքին յիշեցուց, որ Իրաքի մէկ մասը ՓՔՔ-ի կողմէ կը կառավարուի, կարգ մը քաղաքներ կը վերահսկուին անոր կողմէ։ Թուրքիա համոզուած է, թէ Իրաք չի կրնար հզօր ըլլալ՝ որքան ատեն, որ իր տարածքին մէկ մասը կը վերահսկուի ահաբեկչական կազմակերպութեան մը կողմէ։ Անգարա այս հարցը կարեւոր կը նկատէ նաեւ տարածաշրջանին տեսակէտէ։ Ջուրի հարցն ալ զարգացման ճանապարհին ուղիղ համեմատութեան մէջ է՝ ՓՔՔ-ի դէմ մղուելիք պայքարին հետ։
Ըստ տեղական մամուլի հաղորդումներուն, Իրաքի կառավարութեան ներկայացուցիչները, իրենց հերթին, Հաքան Ֆիտանի նկատառման յանձնեցին իրենց մտահոգութիւնները՝ Թուրքիոյ զինեալ գործողութիւններուն բերումով։ Նախարարը ի պատասխան յայտնած է, որ Իրաք սեփական տարածքային ամբողջականութեան երաշխաւորման ու սեփական հզօրութեան համար կա՛մ ինք պէտք է վերացնէ խնդիրները եւ կամ Թուրքիա կ՚առաջարկէ իր օգնութիւնը, որպէսզի լուծումները միասնաբար գտնուին։