ՓԱՐԻԶԷՆ ՆՈՐ ՔԱՅԼ

Մինչ Արցախի պաշարումը կը շարունակուի՝ Ֆրանսա կը պատրաստուի Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման համար բանաձեւ մը ներկայացնել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։ «Լը Ֆիկարօ»ի համապատասխան հաղորդումները լայն արձագանգ գտած են նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։ Ընկերային ցանցերու վրայ ալ տարածուած են լուրերը, ըստ որոնց, բանաձեւը հետամուտ է Արցախի 120 հազար հայ բնակչութեան փրկութեան։

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիք այցելեց Լաչինի միջանցքի սկզբնամասը։ Ան Հայաստանի սահմանակից Կոռնիձորի մէջ ականատես եղաւ ստեղծուած իրադրութեան, մարդասիրական օժանդակութեան սպասող բեռնատարներու շարասիւնով հանդերձ։ Միջանցքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին տեղւոյն վրայ ծանօթանալէ վերջ Անճէյ Կասպրչիք զեկոյց մը պիտի ներկայացնէ շրջանային նախագահին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2023