ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ԱՅՍՕՐ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՄԷՋ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր Նախիջեւան կ՚այցելէ՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Երկու ղեկավարներուն ժամադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ՝ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած հակաահաբեկչական յատուկ միջոցառումներու գործողութեան յաջորդած օրերուն, ինչ որ կը մեկնաբանուի՝ որպէս Անգարայի կողմէ ամուր զօրակցութիւն ի նպաստ Պաքուի։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան-Ալիեւ այսօրուան բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուի Զանգեզուրի միջանցքի հարցը։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Հայաստանի հետ գոյացած համաձայնութեան յօդուածներէն մին կը նախատեսէր այդ միջանցքին բացուիլը, սակայն ցարդ այս բանը հնարաւոր չէ եղած Հայաստանի չկամութեան պատճառով։ Նախագահ Էրտողան անցեալ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին մէջ ալ անդրադարձած էր այս խնդրին։
Էրտողան եւ Ալիեւ այսօր հիմքը կը դնեն Իգդիր-Նախիջեւան բնական կազի խողովակաշարին։ Անոնք կը մասնակցին նաեւ Նախիջեւանի մէջ վերանորոգեալ զինուորական համալիրի բացման արարողութեան։
Էրտողան-Ալիեւ այսօրուան ժամադրութեան ընդառաջ այլ լրատուամիջոցներու կողմէ ալ հաղորդուեցաւ, որ Զանգեզուրի պարագային պատերազմական պատրաստութիւններ կը տեսնուին, Իրանի եւ Հայաստանի կողմէ կուտակումներ կը կատարուին։ «Ղարաբաղէն դուրս բերուած հայկական հրոսախումբերը կը փոխադրուին դէպի Զանգեզուրի միջանցքը։ Ըստ լրաքաղութեան աղբիւրներու տեղեկագիրներուն, բուն մեծ պատերազմը տեղի պիտի ունենայ Զենկիլան-Զանգեզուր առանցքին վրայ», կը նշուին հաղորդումներուն մէջ։