ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՇՈՒՏՈՎ Կ՚ԱՐԺԵՒՈՐԵՆ ԿԱՐՍ-ԿԻՒՄՐԻ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ՎԵՐԱԳՈՐԾԱՐԿՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐԸ

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս այս շրջանին ընդհանուր լաւատեսութիւն մը կը տիրապետէ։ Այժմ օրակարգի վրայ է Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագործարկման հեռանկարը։ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացէն ներս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ըրաւ «Ազատութիւն» ռատիոկայանին։ Ան տեղեկացուց, որ երկու երկիրներու համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչները շուտով պիտի հանդիպին՝ գնահատելու համար այդ երկաթուղիի վերագործարկման պայմանները։

«Ինչպէս նախապէս ըրած ենք Մարգարայի կամուրջի վերաբերեալ համատեղ հետազօտութիւն, այդ նոյն օրինակին նման շուտով հետազօտութեան համար հանդիպում մը կ՚ըլլայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ, որպէսզի այդ պայմանաւորուածութիւնը իրագործենք։ Նկատի ունիմ՝ գնահատելու համար պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են Կիւմրի-Կարս երկաթգծի վերագործարկման համար», ըսաւ ան։

Շուրջ տասն օր առաջ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած էր Միջազգային ճանապարհային դաշնակցութեան համաշխարհային համաժողովը, որու շրջանակներէն ներս փոխադրութեան ու ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու տեսակցած էր Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարար Գնել Սանոսեանի հետ։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները՝ Ռուբէն Ռուբինեան եւ դեսպան Սերտար Քըլըչ վերջին անգամ տեսակցած էին անցեալ յուլիսին եւ նոյնպէս քննարկած՝ երկաթուղիի վերագործարկման հեռանկարը։ Ռուբինեան երէկ տեղեկացուց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ նախընթաց օր խորհրդարանի ամպիոնէն հնչած յայտարարութիւններուն ծալքերն ալ կը վերաբերէին այս նոյն նիւթին։

«Մենք կ՚ակնկալենք, որ մեր միջեւ ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները իրագործուին։ Ընդհանուր առմամբ, մենք կ՚ակնկալենք, որ կարգաւորման գործընթացը աւարտի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատմամբ եւ սահմաններու բացմամբ։ Մենք պատրաստ ենք այս բանը ընել վաղն իսկ», ըսաւ ան։

Հարցազրոյցի ընթացքին Ռուբէն Ռուբինեան նշեց, որ Թուրքիա-Հայաստան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները տարբեր գործընթացներ են։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2024