ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Տէր-Պետրոսեանի առանձնատան մէջ։ Ներկայ էր նաեւ առաջին նախագահի գրասենեակի տնօրէն Աւետիս Աւագեան։ Առաջին նախագահը դեսպանի խնդրանքին ընդառաջ անդրադարձաւ Հայաստանի արտաքին ու ներքին քաղաքական խնդիրներուն։
Հանդիպումէն վերջ դեսպանը ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց. «Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան զիս պատուի արժանացուց՝ ընդունելով Հայաստանի իրավիճակի եւ մեր երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու շուրջ կարծիքներ փոխանակելը»։
Իր կարգին, Տէր-Պետրոսեանի բանբերը՝ Արման Մուսինեան տեղեկացուց. «Միեւնոյն ժամանակ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց մեր երկրի ներկայ ծանր իրավիճակին մէջ Ֆրանսայի կառավարութեան դրսեւորած անկեղծ եւ սկզբունքային աջակցութեան համար։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան յատկապէս մատնանշեց Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան եւ Միսաք ու Մելինէ Մանուշեաններու աճիւնները Փանթէոնին մէջ ամփոփելու հոգեցունց եւ խորհրդանշական պետական արարողութիւնները»։