ՔԱԶԱՆԻ ՄԷՋ ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ռուսաստանի Քազան քաղաքին մէջ կազմակերպուած BRICS-ի 16-րդ գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Անոնք քննարկեցին Երեւան-Պաքու ենթադրեալ պայմանագրին եւ սահմանազատման վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեան եւ Ալիեւ արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարեցին շարունակել այդ ենթադրեալ պայմանագրի շուրջ երկկողմանի բանակցութիւնները՝ հնարաւորինս սեղմ ժամկէտի մը մէջ զայն վերջնականացնելու եւ կնքելու նպատակով։

Այս շփումը զուգադիպեցաւ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման յանձնաժողովի աշխատանքային կանոնադրութեան վաւերացման յաջորդ օրուան։ Իր կարգին, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին նշեց, որ սահմանազատումը դէպի խաղաղութիւն ճիշդ ճանապարհն է։ Ռուսական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փութին Քազանի մէջ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերու շուրջ խօսած է նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ։

BRICS+ հաւաքի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան արդէն համաձայնեցուցած են ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի բովանդակութեան շուրջ 80-90 տոկոսը։ Ան նշեց, որ սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգին Հայաստանի Ազգային ժողովին եւ Սահմանադրական ատեանին կողմէ վաւերացումը փարատած է բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի կողմէ տարածքային պահանջներու յառաջ քշման։ Փաշինեան այս հարթակին վրայ ալ ներկայացուց «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Ան հերթական անգամ ընդգծեց, որ Հայաստան ի վիճակի է ապահովելու եւ լիարժէքօրէն ապահովելու իր տարածքով ապրանքներու, պաշարներու, փոխադրամիջոցներու եւ մարդոց անցման անվտանգութիւնը։

Այսպէսով, BRICS-ի գագաթաժողովը, որ արդէն եզրափակուեցաւ՝ արժանացած ըլլալով միջազգային անմիջական ուշադրութեան, առիթ դարձաւ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման։ Վարչապետը Քազան մեկնելէ առաջ յայտնած էր, որ այս գագաթաժողովի օրակարգը ուղիղ կ՚առընչուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Միջազգային արձագանգներու մթնոլորտին մէջ ուշագրաւ էր նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոլիօ Կութերեսի յայտարարութիւնը, ըստ որու՝ BRICS-ը կրնայ նպաստել համաշխարհային անվտանգութեան ամրապնդման։

Այժմ հորիզոնի վրայ է Պաքուի մէջ յառաջիկայ ամսուան կէսերուն նախատեսուած COP29 կլիմայի գագաթաժողովը, որուն եւս հրաւիրուած է Հայաստան։ Թէեւ հայկական կողմը տակաւին վերջնականօրէն չէ կողմնորոշուած այս հրաւէրին ընդառաջելու կամ չընդառաջելու եւ կամ ինչ մակարդակով մասնակցելու հարցերուն շուրջ, սակայն, Նիկոլ Փաշինեան նախընթաց օր յայտնեց, թէ Պաքուի այդ գագաթաժողովը լաւ առիթ մը կը համարուի տարածաշրջանի առկայ հրատապ խնդիրներուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու տեսակէտէ։

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2024