Ի՞ՆՉ ՀԱՂՈՐԴԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Նետ Փրայս, (…) մեկնաբանելով Սոչիի եռակողմ հանդիպումը՝ կը վերաշեշտէր, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ ներգրաւուիլ յաջորդ ամիսներուն՝ դիւրացնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմանի հոլովոյթներու հետ, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի կազմակերպութիւններու միջոցով քննարկումները:

Այստեղ որեւէ սլաք չկայ ռուսական միջնորդութեան, սակայն, կայ յստակ փոխանցում, թէ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ աշխուժօրէն ներգրաւուած մնալ այս գործընթացին: «Յաջորդ ամիսներ» բառակապակցութիւնը մտածել կու տայ, որ մինչեւ տարեվերջ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու ժամկէտը կը հեռանայ այս ձեւով: Ըստ Նետ Փրայսի, յաջորդ ամիսներուն քննարկումները պիտի շարունակուին: Երկրորդ յատկանշական նշումն է՝ «բազմակողմանի կազմակերպութիւնները», որոնք եւս պիտի ներգրաւուին այս բանակցութիւններուն եւ քննարկումներուն: Կը թուի, որ խօսքը առաւելաբար եւրոպական կառոյցներուն կը վերաբերի, գուցէ նաեւ յատկապէս՝ ԵԱՀԿ-ին:

7 նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ փակագիծերը աւելի կը բացուէին, երբ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը Երեւան-Պաքու միջնախարարական ձեւաչափով տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին կը յայտարարէր, որ ԱՄՆ վճռականօրէն կ՚աջակցի թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ թէ՝ 1991 թուականի անկախութեան վերականգնումը կենսականօրէն կարեւոր պահ էր երկու երկիրներու իրաւունքներու երաշխաւորման համար. իրաւունքներ, որոնց ԱՄՆ մեծապէս կ՚աջակցի:

Պլինքըն կը յայտնէր, որ արդարացի է նաեւ ըսել, թէ Լեռնային Ղարաբաղի աւելի քան երեսուն տարուան տագնապը պատճառած է հսկայական մարդկային, նիւթական կորուստներ՝ կորսուած կեանքեր, խոր սպիներ: «Սակայն այն, ինչ որ մենք հիմա կը տեսնենք՝ երկու երկիրներուն կողմէ անցեալը ետին ձգելու եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ աշխատելու իրական եւ խիզախ քայլեր են»:

Այստեղ հայկական կողմին համար կրնայ որոշ դրական տրամադրութիւն յառաջացնել Լեռնային Ղարաբաղի յուշումը։ Ուշադիր ընթերցում մը պիտի բաւէ յստակօրէն իմանալու, որ հարցը անցեալին ձգելու յորդոր կայ եւ պարզապէս մարդասիրական պարունակին մէջ պատերազմի սպիները վերացնելու ցանկութիւն: Քաղաքականօրէն անբովանդակ է ամերիկացի դիւանագէտին Արցախի մասին նշումը: Կը մօտենայ հաւանաբար «Արցախի հարցը անցեալ է» Պաքուի յայտարարութիւններուն:

Յետքայլը, սակայն, այլ ուղղութեան վրայ է։ Ուաշինկթըն քանի մը անգամ պաշտօնապէս Պաքուէն պահանջեց՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ ներխուժած զօրքերը վերադարձնել իրենց ելման կէտերը: Այստեղ նահանջ կայ այդ պահանջէն: Աւելի ճիշդ՝ այդ պահանջը կը բացակայի յայտարարութենէն:

Պլինքըն պարզ դարձուցած է նաեւ, որ արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են հաւանական խաղաղութեան համաձայնագիրի տարրերուն վերաբերեալ եւ արձանագրած, որ գոյութիւն ունին շարք մը խնդիրներ, որոնք տակաւին հասցէագրման կարիք ունին: Երկու կողմերը վերահաստատած են 6 հոկտեմբերին Փրակի եւ 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ստանձնած յանձնառութիւնները։ Այս բոլորը արձանագրուած են ամերիկացի գլխաւոր դիւանագէտին կողմէ:

Սոչիի յիշատակումը Փրակի կողքին Ուաշինկթընի մէջ կ՚ընդգծէ ամերիկեան մօտեցումը՝ ռուսական եւ արեւմը-տեան միջնորդները փոխլրացուցիչ նկատելու: Այստեղ կարեւոր կէտը այն է, որ Պլինքըն եւս իր բանբերին նման կը խօսի գործընթացի երկարատեւութեան մասին՝ երբ կը շեշտէ, թէ գոյութիւն ունեցող խնդիրները տակաւին հասցէագրման կարիք ունին: Գործընթացին երկարատեւ ըլլալը կը հարուածէ Ատրպէյճանի շտապողականութեան՝ համաձայնութիւնը մինչեւ տարեվերջ կնքելու։ Միւս կողմէ, արդէն իսկ յայտարարուած հասցէագրումը վերստին ճշդելի կը դարձնէ: Ուաշինկթըն հասցէագրած էր իր մեղադրանքը Պաքուին՝ պահանջելով ելման դիրքեր վերադարձ: Հիմա ընդհանրացուցած է խնդիրը նման ձեւակերպումով:

Գործընթացը երկարատեւ նկատելու ամերիկեան այս կեցուածքը, բնականաբար, չվրիպեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին ուշադրութենէն։ Ան անմիջապէս հակազդեց՝ յայտարարելով, որ Պաքու պատրաստ է կարելի եղածին չափ արագ ստորագրելու Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը:

Հակազդելու հերթը դարձեալ ամերիկացի պաշտօնեայինն էր: Այսպէս, Նետ Փրայս կը շեշտէր. «ԱՄՆ չի փորձեր, չ՚ուզեր եւ նոյնիսկ չի կրնար համաձայնագիր պարտադրել երկու կողմերուն: Մենք պարզապէս կը տրամադրենք վայր եւ կը ստեղծենք կարելիութիւն, որպէսզի երկու կողմերը հանդիպին, հասկնան իրենց տարակարծութիւնները, որոնք բաւական շատ են եւ փորձեն հարթել զանոնք»:

Ուրեմն, «բաւական շատ» որակուած տարակարծութիւնները չեն կրնար հարթուիլ «կարելի եղածին չափ արագ» կշռոյթով, ինչպէս կը փափաքի Պաքու:

Այստեղ կար նաեւ պատասխան՝ ուղղուած Մոսկուային, որ խօսած էր համաձայնութեան ամերիկեան նախագիծի մը առկայութեան մասին եւ այնտեղ Արցախը կը նկատուէր Ատրպէյճանի մաս: Ամերիկացի դիւանագէտը կ՚ուզէր յայտնել, որ համաձայնութեան նախագիծ նոյնիսկ չեն փորձեր պարտադրել:

Վերջապէս, ամերիկեան միջնորդութեամբ համաձայնութեան հասնելու համար Փրայս կու տար Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի օրինակը: Այս գործընթացին մօտէն հետեւածներ կրնան պատկերացնել, որ նման օրինակ տալով ժամանակի առումով ի՛նչ ոդիսականի մը կ՚ակնարկէ Ուաշինկթընի ներկայացուցիչը: Մագոգային հանդիպումներ, անաւարտ այցելութիւններ, դիւանագիտական եռուզեռ, սրբագրութիւններ, վերախմբագրումներ, տեղաշարժի եւ յետքայլի երկարատեւ ելեւէջներ…

Անշուշտ, այս բոլորին մէջ պէտք է ընկալել, որ Ուաշինկթըն Հարաւային Կովկաս թափանցելու համար պէտք ունի երկարատեւ գործընթացներու՝ փուլ առ փուլ իր ներկայութիւնը այնտեղ հաստատելու համար: Արագ կարգաւորումը՝ այս անգամ Արցախի ուղղութեամբ, պարզուեցաւ, որ ձեռնտու չէ նաեւ Մոսկուայի համար, որ բնականաբար, պիտի ուզէ իր զօրքերու տեղակայման համաձայնութիւնը երկարաձգել:

Ազդեցութեան գօտիներու հակամարտութեան մէջ մտած ամերիկեան եւ ռուսական կողմերը այս պահու դրութեամբ կը խօսին երկարատեւութեան եւ երկարաձգման մասին: Հայկական դիւանագիտութիւնը ժամանակ շահելու առումով առիթաւորուելու կարելիութիւն ունի:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2022