ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿՐԿՆԵՑ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ»Ի ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԻ ՄԱՍԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երկարաշունչ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ պատասխանելով թէ՛ երկրի քաղաքացիներու եւ թէ սփիւռքահայերու բազմաթիւ հարցումներուն։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ ապագայ բանակցութիւններու ընթացքին Հայաստան պիտի փորձէ պարզաբանումներ ստանալ, թէ արդեօք Պաքու համաձա՞յն է խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ համաձայնեցուած երեք սկզբունքներուն հիման վրայ կամ ոչ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ այս պահուն տակաւին յստակ չէ, թէ ի վերջոյ Ատըրպէյճան համաձա՞յն է, կը վերահաստատէ՞ այդ երեք սկզբունքներուն շուրջ պայմանագիր կնքել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ։ Վարչապետը յիշեցուց, որ այդ երեք սկզբունքները համաձայնեցուած են՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ իր եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ժամանակ։ Փաշինեանի խօսքով՝ թէեւ Ատրպէյճան յայտարարած է, որ կը ճանչնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, բայց յստակութիւններ պէտք են, թէ ի՞նչ նկատի ունին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւն ըսելով։ «Այս հարցերու պարզաբանումը յառաջիկայ բանակցութիւններու գործընթացներու հիմնական խըն-դիրն է, որ մենք պէտք է փորձենք լուծել», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Երէկուան յայտարարութիւններուն ժամանակ վարչապետը հերթական անգամ անդրադարձաւ նաեւ՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի վերաբերեալ յայտարարութիւններուն, որոնք յաճախ կը հնչեն Պաքուէն։ Ան շեշտեց, որ այս հայեցակարգը Հայաստանի դէմ նոր պատերազմ մը հիմնաւորելու ուղղուած է։ «Խաղաղութեան գործընթացի առանցքային դրութիւններէն մին պէտք է ըլլայ, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը իրարմէ տարածքային պահանջներ չունենան եւ օրինականօրէն պարտադիր պարտաւորութիւն ստանձնելու պատրաստ են ապագային եւս նման պահանջներ յառաջ չքշելու։ Թէ ի՞նչ է «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ը։ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի հայեցակարգը Հայաստանի դէմ նոր պատերազմ ձեւաւորելու, կառուցելու, հիմնաւորելու հայեցակարգ մըն է», նշեց Փաշինեան յայտարարութիւններուն մէջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2023