ԱՆԿԵՂԾ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ

Մեր ազգայիններէն, յայտնի բարերար եւ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի «Չաղտաշ ֆաքթորինկ» ընկերութիւնը շաբաթավերջին կազմակերպեց տարեվերջի ընթրիք մը։ «Չաղտաշ» ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած սոյն հաւաքոյթները արդէն դարձած են աւանդական ու տարիներէ ի վեր Ամանորի փուլին կը համախմբեն հիւրեր, բարեկամներ եւ աշխատակիցներ։ Տիգրան Կիւլմէզկիլի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս տարուան տարեվերջի ընդունելութեան պատուոյ հիւրն էր Կալաթասարայ մարզակումբի վարչութեան նախագահ Տուրսուն Էօզպէք։ Նկատի ունենալով, որ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ալ այս շրջանին ակումբի վարչութեան մաս կը կազմէ՝ անոնք արդէն դարձած են լծակիցներ եւ Տուրսուն Էօզպէք այդ յարաբերութեան եւ մտերմութեան ի շարունակութիւն՝ մասնակցեցաւ «Չաղտաշ» ընկերութեան տարեվերջի հաւաքոյթին։

Ընթրիքը սարքուեցաւ Կայրեթթեփէի «Փոինթ» պանդոկէն ներս։ Հարկ է յիշեցնել, որ սա Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ սփռուած պանդոկներու ցանց մըն է, որ կը պատկանի Էօզպէք ընտանիքին։ Երեկոյթի ընթացքին Տիգրան Կիւլմէզկիլ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Ան հանդէս եկաւ նաեւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին իր աշխատակիցներուն եւ հիւրերու հետ բաժնեց լաւագոյն զգացումները ու մաղթեց, որ Նոր տարին բարեբեր ըլլայ մեր երկրին ու համայն աշխարհին տեսակէտէ։

Ընթրիքի տեւողութեան ներկաները վայելեցին իրարու անմիջականութիւնը եւ ունեցան հաճելի ժամանց՝ մանաւանդ, որ երաժշտական յայտագիր մըն ալ գործադրուեցաւ համակրելի արուեստագէտ Ֆետոնի կողմէ։ Բոլորը միացան Տիգրան Կիւլմէզկիլի կողմէ հնչեցուած բարեմաղթութիւններուն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2023