ԾԱՌԸ…
«Ծառերը սրբավայրեր են։ Ով որ գիտէ, թէ ինչպէս պէտք է խօսիլ անոնց հետ, ով որ գիտէ՝ ինչպէս ականջ տալ անոնց, կրնայ իմանալ ճշմարտութիւնը»:
Հերման Հեսսէ (գերմանացի գրող, 1877-1962)
Ծառը բնութեան մաս կազմող սոսկական «բնակիչ» մը չէ։ Խորունկ է անոր իմաստը։ Բուն ու կոճղ, արմատներ, ճիւղեր ու տերեւներ․ ասոնք ծառ էակին անդամներն են։
Կը շնչեն ծառերը… նաեւ շունչ ու ներշնչում կու տան բանաւոր էակներուն։
Հազար ու մէկ բարի ապրումներով ու մտորումներով է, որ Ամանորի օրերուն կը զարդարուի տօնածառը։
Ծառը կը պարգեւէ տոհմիկ մթնոլորտ: Անկէ ալ՝ յաճախ փոխաբերական իմաստով կը խօսինք ընտանեկան ծառին մասին, որուն ծննդոցը կրնայ մեզ փոխադրել դարեր առաջ։ Հոն ալ կան ճիւղեր, ծիլեր, կոկոններ, տերեւներ, որոնք ի վերջոյ հերթաբար կը հասնին տերեւաթափի հանգրուան։ Սակայն ծառը կը մնայ, կը մնայ իր բունով, արմատներով եւ գլխաւոր ճիւղերով։
Այս տարուան Ամանորն ու Կաղանդի ծառը կը յիշեցնեն Արամ Հայկազի դիւրին ընկալելի եւ տպաւորիչ «Ապրող ծառ» պատմուածքը։
Եթէ յստակ խորհուրդ ունի Հայկազի նկարագրած ծառը, շատ աւելի իւրայատուկ էր տասնեակ տարիներ շարունակ Ստեփանակերտի կեդրոնի Վերածնունդի հրապարակին վրայ զարդարուած ծառը՝ ո՛չ շատ հեռու «Պապիկ-տատիկ»էն՝ «Մենք ենք մեր լեռները» կոթողէն, սակայն նոյնքան իմաստալից եւ խորհրդաւոր։
Աւա՜ղ… Այս տարի չկայ գունագեղ զարդարանքներով եւ լոյսերով ողողուած այդ ծառը։
Պարպուած է Արցախը, որ մեր սիրտերուն բաբախում կու տայ։
Հատրութի եւ Շուշիի անկումէն, գաղտաքօղի սակարկութեամբ Քարվաճառի յանձնումէն երեք տարի ետք, ամբողջ Արցախը պարպուեցաւ։
Դատարկ է Ամանորի օրերուն Ստեփանակերտը, որ եզակի եռուզեռ կը ստեղծէր՝ իր կեդրոնական շուկայով, իր զարմանազան, կարմրագոյն պտուղներով ու մանաւանդ՝ իր համակրելի, վեհանձն ու արժանապատուութեան տէր բնակիչներով։
Չկայ Արցախ-ծառը։ Կացինահար եղաւ ու տապալեցաւ՝ գիտենք թէ ինչպէ՛ս…
Արամ Հայկազի համար ծառ մը կտրելը ապրող էակ մը սպաննել կը նշանակէ, որովհետեւ «Ծառերը, մեր գիւղի բնակիչներուն համար ապրող էակներ էին», կը շեշտէ ան։
Չենք մոռցած. 31 դեկտեմբերէն ետք, պաշտօնապէս գոյութիւն պիտի չունենայ Արցախի Հանրապետութիւնը։ Այդպէս կ՚ըսէր նախագահական պարտադրեալ հրամանագիրը, թէեւ զայն ստորագրողը ի՛նքն իսկ բացայայտեց, որ այդ գիրը իմաստազուրկ է:
Դժբախտաբար հասած ենք հոն, ուր յաւելեալ մելան հոսեցնելը վերածուած է աներկբայ թութակաբանութեան: Փաստօրէն, տրամաբանութենէ բխած նկատումներն ու քննարկումները Բաղրամեան 19 շէնքէն ներս մատնուած են «ձայն բարբառոյ յանապատի» վիճակին:
Ափսո՜ս մեր կորուստներուն, հողի եւ կեանքերու կորուստին, սակայն…
Այս դաժան օրերուն հայորդիին կը մնայ չընկրկիլ, տեղի չտալ ու չվհատի՛լ։
«Ծառը դանդաղ ու տոկուն ուժ է, որ կը ձգտի գրաւել երկինքը», կը գրէ ֆրանսացի գրագէտ Անթուան տը Սեն թ՚Էքզիւփերի։
Այսպէս, այդ Վերածնունդի հրապարակի ծառը պիտի վերածնի եւ վերազարդարուի։ Չէ՞ որ մեր Մատթէոս Զարիֆեանն ալ ունի ի՛ր պատկերացումը կացինահար տապալած ծառէն վերստին ծնունդ առած բարունակներուն մասին…
Արցախը կը պատկանի արցախահայութեան։ Արցախը կը պատկանի ո՛ղջ հայութեան: Արցախը անվիճելի՛օրէն Հայաստան է (…)։
Ծառը դարձած է ճղակոտոր, սակայն կարելի չէ արմատախիլ ընել հայկական ծառը։
Ամանորի այս օրերուն մեր սրտերէն բխած մաղթանքի համազօր են այս մտածումները, որոնք առաջին հերթին ձօնուած են Արցախի հայութեան, սակայն նաեւ ո՛ղջ հայութեան ու մեր հայրենիքին:
Խմբագրական՝ Պոսթոնի «Հայրենիք» շաբաթաթերթի