«ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻ ՎՐԱՅ»
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս այս տարեմուտին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական եզակի ձեռնարկ մը, որու ծրագրին մէջ երաժշտութիւնն ու ստեղծագործական գեղարուեստական այլ ճիւղերը միահիւսուած էին։ Մասնակիցներուն տեսակէտէ բացառիկ հաճոյքի մը վերածուեցաւ այս երեկոյթը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ մոմի լոյսերու խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ։ Նիւ Եորքի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարի երդիքին տակ կազմակերպուած երեկոյթի հովանաւորն էր «Տատուրեան» հիմնադրամը։ «Խաչմերուկի վրայ» խորագրեալ ծրագիրը ձօնուած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործունէութեան 125-ամեակին։ Հարկ է նշել, որ Արեւելեան թեմը այս յոբելեանը կ՚արժեւորէ բազմաբնոյթ նախագծով մը եւ այս ձեռնարկն ալ նոյն ծիրին մաս կազմեց։
Երեկոյթի ընթացքին յայտնի արուեստագէտ Գէորգ Մուրատ՝ պաստառի վրայ ցոլացուած թուային կտաւի մը վրայ իսկապէս հիանալի աշխատանք տարաւ՝ մինչ զանազան մեներգիչներ եւ նուագողներ այդ ընթացքին ներկաները տպաւորեցին իրենց կատարումներով։