ԱՅԴ ԱՍՏԻՃԱՆ ՉՆՈՒԱՍՏԱՆԱԼ…
Տեմակոժիի մէջ ընդունուած հնարքներէն մին հետեւեալն է. դիտմամբ խեղաթիւրել ընդդիմախօսիդ ըսածը կամ այդ մէկէն ընել «հեռու գացող հետեւութիւն», որ ըսածէն բացարձակապէս չի բխիր, իսկ այնուհետեւ ջախջախել այդ հնարած թեզը: Օրինակ, ամուսինը վէճի ժամանակ կնոջմէն կը խնդրէ իր վրայ ձայնը չբարձրացնել, կինը կը պատասխանէ. «Հա՜, ես գիտեմ՝ դուն կ՚ուզես, որ ես քեզմէ ծնկաչոք ներողութիւն խնդրեմ»: Կամ, երբ մէկը կ՚ըսէ՝ «այսօր արեւոտ օր է», միւսը կը հակադարձէ. «Դուն կ՚ուզես, որ անձրեւ չգայ, երաշտ ըլլայ եւ ծառերը չորնան»:
Ահա այս մակարդակի «հակադարձումներ» կը լսեմ եւ կը կարդամ, երբ խօսք կ՚ըլլայ այն մասին, թէ պէտք չէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պահանջով հրաժարիլ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան հիմնարար փաստաթուղթէն՝ Անկախութեան հռչակագրէն: (Այդպիսի պահանջի մը գոյութիւնը փաստացի կերպով ընդունած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը: Մնացեալ հիմնաւորումները, թէ իբր սա վատ, անորակ, «հինցած» փաստաթուղթ է, ինծի լուրջ չեն թուիր):
«Հակադարձումը» հիմնականին մէջ հեգնական է. «Հա՜, հա՜, հա՜, տէ, եկէք Սահմանադրութեան մէջ գրենք, որ կը պահանջենք Արցախը, Նախիջեւանը (…) եւ կը տեսնենք, թէ ինչ կ՚ըլլայ»: Ես, յամենայնդէպս, նման յիմարութիւն չեմ առաջարկեր: Ես կ՚առաջարկեմ թշնամիի առջեւ այդ աստիճանի չնուաստանալ, պահպանել ազգային արժանապատուութեան տակաւին մնացած փշրանքները, խաչ չքաշել 30 եւ աւելի տարիներու պետութեան վրայ՝ պահպանելով էնսթիթիւսիոնէլ յիշողութիւնը, չփճացնել յարաբերութիւնները սփիւռքի մեր հայրենակիցներու հետ, որոնց նախնիները ցեղասպանութեան զոհ են, տասնեակ հազարաւոր փախստականներուն չըսել՝ «մոռցէք ձեր տունը»:
Իշխանութեան եւ անոր կողմնակիցներու համար այդ բոլորը «լիրիք է»: Իբր՝ «տեսէք, թէ ինչ պետականամէտ փրակմաթիկներ ենք մենք, իսկ դուք պատրանքներու ետեւէն ինկած լացկաններ էք»: Իրականութեան մէջ (դարձեալ կրնամ միայն իմ մասին խօսիլ) ես դէմ չեմ փրակմաթիզմին: Եթէ այդ՝ պատմական, տասնամեակներու հեռանկարով նշանակութեամբ զիջումէն՝ թշնամին հանդարտէր, նոր պահանջներ չդնէր, նոր պատերազմով չսպառնար, ապա այս մասին գուցէ եւ արժէր մտածել: Բայց քանի որ իրավիճակը ճիշդ հակառակն է՝ ամէն զիջումէն վերջ թշնամին աւելի կը լկտիանայ, կ՚առաջարկեմ Անկախութեան հռչակագիրը հանգիստ թողել, ինչպէս որ կ՚ընեն, ըսենք, ամերիկացիները:
Ճաբոնը այս պահուն «չի պահանջեր» Քուրիլեան կղզիները, Վրաստանը «չի պահանջեր» Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան: Բայց, միւս կողմէ, այդ երկիրները պաշտօնապէս, սահմանադրութեան մակարդակով չեն հրաժարիր իրենց ազգային խնդիրներէն:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի