ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՎՐԱՍՏԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ ԱՌԻԹ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Վրաստան՝ իր պաշտօնակցին՝ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հրաւէրին ընդառաջ։ Երկու վարչապետներու հանդիպման առիթ կը դառնայ Հայաստան-Վրաստան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը։ Բանակցութիւնները գլխաւորելու առընթեր, երկու վարչապետները կ՚ունենան նաեւ առանձնազրոյց մը։

Երեւան-Թիֆլիզ առանցքին վրայ վերջին շրջանին արտասովոր աշխուժութիւն կը տիրէ՝ տարածաշրջանի նոր համայնապատկերին վրայ, թէեւ նոյնը խնդրոյ առարկայ է նաեւ Թիֆլիզ-Պաքու յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Վրաստան յաճախ կը բարձրաձայնէ, որ կը փափաքի Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի ժամ առաջ ստորագրումը։ Թէեւ ան տարածաշրջանային խաղացող մըն է եւ կ՚ուզէ այդ դերակատարութիւնը ամրապնդել, սակայն, միւս կողմէ, ձեռնպահ կը մնայ մասնակցելէ «3+3» ձեւաչափին, որ նոյնպէս զուտ տարածաշրջանային դերակատարներով հարթակ մըն է։ Վրաստան չի փափաքիր Արեւմուտքէն հեռանալ՝ Ռուսաստանի պատճառով, նոյնպէս, Հայաստանն ալ այս շրջանին իր հաշուարկներուն մէջ կարեւոր տեղ կը յատկացնէ Արեւմուտքին։

Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը վերջերս յստակօրէն արտայայտած է իր աջակցութիւնը Երեւանի մշակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին ի նպաստ։ Այս նախագծին կապակցութեամբ, Փաշինեանի Վրաստան ուղեւորութեան ընդառաջ, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերովբեան երէկ յաւելեալ մանրամասնութիւններ հրապարակեց։ Այսպէս, Կիւմրիի մէջ կը նախատեսուի «Չոր նաւահանգիստ»ի մը կառուցումը եւ այդ մէկը պիտի ըլլայ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի բաղադրիչը։ Հանրային ներդրումային կոմիտէի նիստի ընթացքին վերջերս այս «Չոր նաւահանգիստ»ին վերաբերեալ քննարկումներ ծաւալուած են։ Թեքնիքատնտեսական վերլուծութեան լոյսին տակ Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարած է ձեւաւորել ճանապարհային քարտէս մը ու ձեռնարկել գործնական աշխատանքի։ «Չոր նաւահանգիստ»ը, ըստ էութեան, պիտի համընկնի «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի հիւսիս-արեւմտեան հանգոյցին։ Նախարար Քերովբեան տեղեկացուց, որ ներկայ տարուան ընթացքին արդէն իսկ առարկայական քայլեր պիտի առնուին այս «Չոր նաւահանգիստ»ը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։ Աշխատանքները բոլոր ուղղութիւններով ընթացքի մէջ են։ Վահան Քերովբեանի խօսքով՝ յառաջիկային խորհրդատուական ընկերութիւն մը պիտի ներգրաւուի, մրցոյթի համար թղթածրար պիտի պատրաստուի եւ այս բոլորին հիման վրայ ի յայտ պիտի գան յստակ ներդրումային ընկերութիւններ։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024