ՅՍՏԱԿ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ հերթական ժողովը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ նիստը, որ տեւեց 3 ժամ 45 վայրկեան։ Ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին շեշտադրումները առաւել չափով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խնդիրները լուսարձակի տակ բերին։ Այսպէս, Թուրքիա կը թիրախաւորէ ահաբեկչութեան բոլոր շառաւիղները։ Ըստ զեկոյցին, Թուրքիա վճռակամութեամբ կը գործադրէ իր ազգային անվտանգութեան քաղաքականութիւնը եւ կարելի չէ այդ մէկը ընդհատել՝ ծրագրաւորեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու վրայով մշակուած նախագծերով։ Ուստի, Թուրքիա առանց ժամանակի ու վայրի զանազանումի պիտի շարունակէ թիրախաւորել ահաբեկչական կազմակերպութիւններն ու անոնց շառաւիղները, որոնք կը սպառնան իր անվտանգութեան եւ այդ պայքարը յառաջ պիտի տարուի միջազգային իրաւունքի հիմունքով։

Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Իրաքի հետ խտացած շփումներուն, Կազզէի պատերազմին, Կարմիր ծովու իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին, որ տարածաշրջանային ու համաշխարհային ռիսքերը կը բարձրացնէ։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024