ՆԿԱՐԻՉԸ ՈՍՊՆԵԱԿՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ

Երեւանի Նկարիչներու տան մէջ երէկ բացուեցաւ յատկանշական ցուցահանդէս մը, որ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Այսպէս, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ գեղարուեստասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած են հայկական կերպարուեստի տիտաններէն Վահան Քոչարի ստեղծագործութիւնները։

«Նկարիչը ոսպնեակներէն անդին» խորագրեալ այս ձեռնարկը Վահան Քոչարի յետմահու բացուած առաջին ցուցահանդէսն է։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2024