ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հաստատեց, որ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ իր հանդիպումը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ան յիշեց նաեւ, որ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի օրերուն տեղի ունեցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ «Որոշուած է վերսկսիլ բանակցային գործընթացը։ Յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ դէմ առ դէմ բանակցութիւններ կատարել Հայաստանի պատուիրակութեան հետ», ըսաւ Ճէյհուն Պայրամով, որու յայտարարութիւնները արձագանգ գտած են նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։

Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ բանակցութիւններու վերսկսման սպասման զուգահեռ՝ շաբաթավերջին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ արձանագրուեցաւ հերթական լարուածութիւնը։ Այսպէս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը թիրախաւորած են Վերին Շորժայի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերը։ Դէպքը պատահած է շաբաթ կէսօրուան ժամերուն։ Այս դէպքէն առաջ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պնդած էր, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը իբր թէ կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ։ Երեւան պաշտօնապէս հերքեց այդ պնդումները՝ ընդգծելով, որ անոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ։

Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան այսօր կ՚այցելէ Ժընեւ, ուր կը մասնակցի ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 55-րդ նիստին եւ Զինաթափման համաժողովի բարձրաստիճան հատուածներուն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2024