ՖԻՆԼԱՆՏԻԱՅԷՆ ԵՐԵՔ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆինլանտիայէն երեք բարձրաստիճան դիւանագէտներ, որոնք վերջին օրերուն Անգարայի մէջ շփումներ ունենալէ վերջ եկած են Իսթանպուլ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Անգարայի մօտ Ֆինլանտիոյ դեսպան Փիրքքօ Համալաինէն, Հարաւային Կովկասի երկիրներու մէջ Ֆինլանտիոյ դեսպան Քիրստի Նարինէն եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու մէջ Ֆինլանտիոյ դեսպան Իլքքա Ռայի Սանէն։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ թրքահայ համայնքին՝ պատմական անցեալով եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու համայնապատկերով հանդերձ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան թրքահայութեան յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ սփիւռքի համայնքներուն հետ։ Մասնաւորապէս դեսպան Քիրստի Նարինէն, որ իր երկիրը կը ներկայացնէ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ, հետաքրքրուեցաւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններու վերաբերեալ մեր մօտեցումներով։ Ուստի, խոշորացոյցի տակ առնուեցան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վերաբերեալ իրադարձութիւնները։ Հիւրերը առանձնապէս հետաքրքրուեցան նաեւ Անգարա-Երեւան առանցքի յառաջխաղացումներուն նկատմամբ սփիւռքի վերաբերմունքով։

Հիւր դիւանագէտները կը նախատեսեն վաղը առաւօտ հրաժեշտ առնել քաղաքէս։

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2024