ԱՌԱՋԻՆ ԿԼՈՊԱԼ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը վերջերս միաձայնութեամբ ընդունեց արհեստական բանականութեան վերաբերեալ բանաձեւ մը։ Սա կը հանդիսանայ արհեստական բանականութեան վերաբերեալ առաջին կլոպալ բանաձեւը, որով աշխարհի երկիրներուն կոչ ուղղուած է՝ պաշտպանել մարդու իրաւունքները, անձնական տուեալները եւ հետեւիլ արհեստական բանականութեան՝ ռիսքերու յայտնաբերման նպատակով։

«Reuters» գործակալութեան հաղորդումներով՝ այս բանաձեւը պարտադիր ուժ չունի։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջարկուած նախագիծին համահովանաւորները եղած են Չինաստանն ու այլ 120-է աւելի երկիրներ։

«Այսօր ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի բոլոր՝ 193 երկիրները խօսած են մէկ ձայնով եւ միասին որոշած են կառավարել արհեստական բանականութիւնը, այլ ոչ թէ թոյլ տալ, որ ան կառավարէ մեզ», ըսաւ ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Լինտա Թոմաս-Կրինֆիլտ։

Ըստ բանաձեւին՝ արհեստական բանականութեան համակարգերու «ոչ-պատշաճ կամ չարամիտ նախագծումը, մշակումը, տեղակայումը եւ օգտագործումը… վտանգներ կը ստեղծեն» եւ կրնան վնասել մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան։

Անցեալ նոյեմբերին ԱՄՆ, Անգլիա եւ աւելի քան մէկ տասնեակ այլ երկիրներ ներկայացուցած էին առաջին մանրամասն միջազգային համաձայնագիրը՝ ուղղուած արհեստական բանականութիւնը խարդախ դերակատարներէն պաշտպանելու։

Երեքշաբթի, Մարտ 26, 2024