ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐ
Քաղաքական գործիչները այսօր բան մը կ՚ըսեն, վաղը՝ ուրիշ բան մը, սա ինչ-որ տեղ բնական է: Բայց միթէ նո՞յն կերպ պէտք է վարուինք մենք՝ շարքային քաղաքացիներս: Կը կարծեմ՝ ոչ, եթէ մենք ինչ-որ ընդգծուած շահեր չունինք:
Ես, օրինակ, վստահ եմ, թէ նմանատիպ երեւոյթներուն պէտք է վերաբերուիլ նոյն չափանիշներով: Եթէ փոխադրութեան ուղեվարձը 150 դրամ սարքելը անընդունելի էր, ապա 300 դրամ դարձնելը նոյնպէս անընդունելի պէտք է ըլլայ: Եթէ կայանման համար տարեկան 12 հազարը շատ էր, ապա 180 հազարը աւելի շատ է:
Եթէ 800 հեքթար կորսնցնելը ողբերգութիւն էր, ապա յանձնել հարիւր հատ 800 հեքթար եւ շարունակել թշնամիին նուիրել նորանոր 800 հեքթարներ՝ պարզապէս աղէտ է:
Քաղաքական եւ անձնական նախասիրութիւնները այստեղ առանձնապէս կապ պէտք չէ ունենան: Ժամանակին քաղաքական պատճառներով Նիկոլ Փաշինեանը հետապնդելը դատապարտելի էր եւ որեւէ նորմալ քաղաքացի պէտք է անոր դէմ բողոքէր՝ անկախ, թէ ինչպէս կը գնահատէր անոր քաղաքական գործունէութիւնը: Բայց ճիշդ նոյն ձեւով նորմալ քաղաքացին պէտք է վերաբերուի նոյն՝ քաղաքական պատճառներով Արմէն Աշոտեանի եւ միւսներու հետապնդման: Եւ այս պարագային դարձեալ կարեւոր չէ, թէ որքանով կը համընկնին մեր եւ իր տեսակէտները:
Հայհոյելը ինձ համար անընդունելի է եւ ինձ բացարձակապէս դիւր չի գար Նարեկ Սամսոնեանի եւ Վազգէն Սաղաթելեանի բառապաշարը: Բայց սա քրէական յօդուած չէ եւ հայհոյողներու ձերբակալութենէն շոու սարքելը, ձեռքերը ոլորած նկարելը ուղղուած է վարչապետի կասկածելի ճաշակը բաւարարելուն:
Եթէ 2016-ին ոստիկանական գունդի գրաւումը «հերոսութիւն» էր եւ «ապստամբութիւն». բան մը, զոր ինձ այդ ժամանակ բաւականին զգացական փաստարկներով կը փորձէին համոզել, ապա 2024-ին ոստիկանութեան բաժին նռնակով մտնելը նոյնպիսի «հերոսութիւն» է: Ինձ կը թուի, որ երկու պարագային ալ գործ ունինք յանցագործութեան հետ: Պարզապէս այն ժամանակ իմ կարծիքի համար ես կ՚արժանանայի ատելութեան խօսքի, իսկ հիմա՝ ոչ:
Այդ միջադէպին հետ կապ չունեցող «Մարտական եղբայրութիւն» միաբանութեան դէմ իրականացուած ոստիկանական գործողութիւնները նոյնպէս ակնյայտօրէն քաղաքական ենթաթեքստ ունին եւ ուղղուած են մեր հասարակութեան դիմադրողականութեան թուլացման: Սա արձանագրելու համար բացարձակապէս պարտադիր չէ ըլլալ այդ միաբանութեան համակիրը:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի