«ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԻԼ ՇՐՋԱՊԱՏԻ ՄԱՆՐԷՆԵՐԷՆ»

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Լի­բա­նա­նա­հայ օգ­նու­թեան խա­չի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան յանձ­նա­խում­բին եւ «Ա. Պուլ­ղուր­ճեան» ըն­կե­րաբժշ­կա­կան կեդ­րո­նի նա­խազ­գու­շա­կան բա­ժան­մուն­քին, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ինչ­պէ՞ս պաշտ­պա­նուիլ շրջա­պա­տի ման­րէ­նե­րէն­ներ» նիւ­թով դա­սա­խօ­սու­թիւն, զոր ներ­կա­յա­ցուց հան­րա­յին ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան մար­զի մաս­նա­գէտ Վեր­ժին Սա­րա­ֆեան-Խոր­շի­տեան:

Ա­ռող­ջա­պա­հա­կան յանձ­նա­խում­բին ա­նու­նով բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Սո­նա Եա­փու­ճեան: Ան ներ­կա­յաց­նե­լէ ետք օ­րուան դա­սա­խօ­սը նշեց, թէ վեր­ջին շրջա­նին մեր շուր­ջը կու­տա­կուած աղ­բե­րը կը պատ­ճա­ռեն զա­նա­զան ման­րէ­նե­րու բազ­մա­ցումն ու տա­րա­ծու­մը, ինչ որ կրնայ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին յա­ռա­ջաց­նել տար­բեր հի­ւան­դու­թիւն­ներ:

Վեր­ժին Խոր­շի­տեան իր դա­սա­խօ­սու­թեան սկսաւ՝ սահ­մա­նե­լով եւ բա­ցատ­րե­լով, թէ ի՛նչ է ման­րէն: Ման­րէն ապ­րող բջիջ մըն է, չա­փա­զանց մանր, կա­րե­լի չէ տես­նել մեր աչ­քե­րով, եւ կը գտնուին ա­մէն տեղ: Ա­նոնք միշտ վե­րար­տադ­րուե­լու, բազ­մա­նա­լու եւ սնա­նե­լու վի­ճա­կի մէջ են:

Ման­րէ­նե­րը 6 տե­սա­կի են, հե­տաքրք­րա­կան է յի­շել, թէ մէկ դգալ հո­ղին մէջ կան մի­լիա­ռա­ւոր ման­րէ­ներ, ինչ­պէս նաեւ բեր­նին մէջ կայ 500 տե­սա­կի ման­րէ: Բո­լոր ման­րէ­նե­րը վնա­սա­կար չեն, այլ կան զա­նա­զան ման­րէ­ներ, ո­րոնք ոչ վնա­սա­կար ու անհ­րա­ժեշտ են տար­բեր մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ:

Ման­րէն կրնայ պատ­ճա­ռել տար­բեր հի­ւան­դու­թիւն­ներ, ար­տադ­րե­լով թոյն՝ կը յա­ռա­ջաց­նեն տա­քու­թիւն, գլխա­ցաւ, փսխունք, փոր­հա­րու­թիւն:

Ման­րէն կը սնա­նի տար­բեր ձե­ւե­րով, ինչ­պէս՝ ա­րե­ւու ճա­ռա­գայթ­նե­րէն, բոյ­սե­րէ, ի­րենց շրջա­պա­տը գտնուող ա­մէն տե­սա­կի բան ու­տե­լով, ինչ­պէս նաեւ կրնան յար­ձա­կիլ այլ ապ­րող բջիջ­նե­րու վրայ:

Երկ­րորդ բա­ժի­նով դա­սա­խօ­սը ման­րա­մաս­նօ­րէն բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով ու օ­րի­նակ­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց, թէ ո՛ւր կը գտնուին կամ պա­հուը­տած են ման­րէ­նե­րը:

Ման­րէ­նե­րը կը գտնուին ա­մէն տեղ, խո­հա­նո­ցի պա­րա­գա­յին օ­րի­նակ, ա­նոնք կան լուա­ցա­րա­նին, սպուն­գին, ա­ման լուա­լիք տաշ­տին մէջ, ինչ­պէս նաեւ բռնիչ­նե­րու վրայ, սառ­նա­րա­նին դրան վրայ եւ այլն: Իսկ ննջա­սե­նեա­կի պա­րա­գա­յին՝ բար­ձե­րու մէջ, սա­ւան­նե­րու վրայ:

Ման­րէ­նե­րը բա­ւա­կան շատ տա­րա­ծուած են բաղ­նի­քի տար­բեր տե­ղե­րը, ինչ­պէս՝ բաղ­նի­քի ա­թո­ռին վրայ, լո­գան­քի վա­րա­գոյ­րին մէջ, բաղ­նի­քի գոր­գին վրայ, լուաց­քի կո­ղո­վին մէջ եւ լո­գան­քի ու ձեռ­քի ան­ձե­ռոց­նե­րուն վրայ:

Դա­սա­խօ­սը նշեց նաեւ այլ տե­ղեր, ինչ­պէս՝ շպա­րու­մի  վրձին­նե­րու, աչ­քի լեն­սե­րու, ա­կան­ջի մե­քե­նա­նե­րու, բա­նա­լի­նե­րու, պա­յու­սակ­նե­րու, հե­ռա­խօ­սի ըն­կա­լուչ­նե­րու, հե­ռա­տե­սի­լի ռի­մոթ քոնթ­րո­լի, բջի­ջա­յին հե­ռա­խօ­սի կո­ճակ­նե­րու եւ այլ զա­նա­զան տե­ղեր:

Ման­րէ­նե­րէն կա­րե­լի չէ խու­սա­փիլ, բայց նա­խազ­գու­շա­կան տար­բեր ձե­ւեր կա­րե­լի է օգ­տա­գոր­ծել նուա­զեց­նե­լու վա­րա­կում­նե­րը՝ յանձ­նա­րա­րե­լի է պա­յու­սա­կի մէջ ու­նե­նալ հե­ղուկ օ­ճառ կամ հա­կա­նե­խուած թաց թաշ­կի­նակ­ներ, իսկ տան մէջ ե­ղած պա­րա­գա­յին տե­ւա­բար ձեռ­քե­րը լուալ:

Վեր­ժին Խոր­շի­տեան ա­ւար­տին ցու­ցադ­րեց դաս­տիա­րակ­չա­կան տե­սե­րիզ, թէ ինչ­պէ՛ս ճշգրտօ­րէն լուալ մեր ձեռ­քե­րը, ա­պա զա­նա­զան օ­րի­նակ­նե­րով ու բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­նե­րուն հար­ցում­նե­րուն:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016