ԱՆԳԱՐԱ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ «ԴԺՈԽՔԻ ԿՐԱԿ»ՆԵՐ
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ Թուրքիա այս օրերուն կ՚որոնէ հետզհետէ աւելի ազդու միջոցներ։ Վերջին շրջաններուն Սուրիոյ սահմանակից Քիլիսի մէջ ստեղծուած է արտասովոր կացութիւն։ Արդարեւ, ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչները կը ռմբակոծեն այս քաղաքը, ուր ցարդ շուրջ երկու տասնեակ քաղաքացիներ զոհուած են։ Քիլիսի մէջ ստեղծուած է ահ ու սարսափի մթնոլորտ եւ ժողովուրդը կը խուսափի փողոց դուրս գալէ։ Թուրք զինեալ ուժերը թէեւ ամենայն վճռականութեամբ կը փոխադարձեն ահաբեկչական խմբաւորման, սակայն Անգարայի ղեկավարութիւնը ներկայիս նոր եւ աւելի ազդու միջոցներու որոնման մէջ է։ Թուրքիա-Ռուսաստան լարուածութեան հետեւանքով Սուրիոյ օդային մարզէն ներս թռիչքներ չեն իրականացներ թրքական ռազմաօդային ուժերը։ Բանակը ԻՇԻՊ-ի շարժուն թիրախներուն վրայ կը կրակէ թնդանօթներու միջոցաւ։
Այս բոլորի լոյսին տակ, երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան գագաթաժողով մը։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ, Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ այս ժողովը, որ տեւեց մէկուկէս ժամ եւ որուն մասնակցեցան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ներառեալ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Հուլուսի Աքար։ Առաջին հերթին որոշուեցաւ տարածքաշրջանէ ներս զինուորական յաւելեալ նախազգուշական միջոցներու ձեռնարկել։ Քիլիսի մէջ յարձակումներուն հետեւանքով տուժած քաղաքացիներուն վնասները պիտի հատուցուին, նաեւ քաղաքի բնակչութեան հոգեբանական զօրակցութիւն պիտի ցուցաբերուի։ Առողջապահական գետնի վրայ ալ հնարաւորութիւնները պիտի բարձրացուին ու պիտի գործեն զրահապատ շտապօգնութեան ինքնաշարժներ։
Արտաքին ճակատի վրայ ալ Թուրքիա կը նախատեսէ ապահովել զօրակցութիւն՝ ԻՇԻՊ-ի դէմ աւելի ազդու հարուածներ հասցնելու առաջադրութեամբ։ Անգարա առկայ կացութիւնը յաղթահարելու համար կ՚ակնկալէ Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը։ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ այս ուղղութեամբ իրենց համագործակցութիւնը պիտի սերտացնեն յառաջիկայ շրջանին։ Թրքական կողմը կ՚ակնկալէ շրջանառութեան մէջ դնել Ինճիրլիքի ռազմախարիսխի այն անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք զինուծ են «Դժոխքի կրակ» կոչեալ հրթիռներով։ Այս վերջիններուն աշխոյժ թափով կիրառման պահանջին առընթեր թրքական կողմը կ՚ակնկալէ սահմանամերձ շրջաններէն ներս տեղակայել՝ բարձր շարժունակութեամբ թնդանօթահրթիռային համակարգեր, որոնք կը կոչուին HIMARS։
Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ ԱՄՆ-ի կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութիւնը թրքական կողմի մատնանշած թիրախային տուեալներու լոյսին տակ երէկ Սուրիոյ տարածքէն ներս գործողութիւններ իրականացուցած է ԻՇԻՊ-ի դէմ։