ԼԻԱԿԱՏԱՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ լարուած իրադրութիւնը կը մնայ առկայ։ Թէեւ կողմերուն միջեւ կրակը դադրեցնելու վերաբերեալ բանաւոր համաձայնութիւն մը ձեռք բերուած է, սակայն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կը շարունակեն տեւաբար խախտել հրադադարը։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ գիշեր զինեալ դիմակայութեան գօտիէն ներս Ատրպէյճանի բանակը օգտագործած է իր զինանոցի գրեթէ ամբողջ զրահապատ սարքաւորումները։ Յարձակումներուն հետեւանքով նահատակուած է երկու հայ զինուոր։ Ազէրի զօրքերուն գործողութիւնները չէզոքացնելու նպատակով Արցախի բանակը դիմած է կանխարգելիչ քայլերու ու թիրախային հարուածներ հասցուցած՝ առաջնային դիրքերուն։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով ալ ազէրի զօրքերը երէկ գիշեր հրադադարը խախտեցին տասնհինգ անգամ։ Հայկական աղբիւրները կը տեղեկացնեն, թէ Արցախի Մարտակերի շրջանէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով վնասուած են բնակելի շէնքեր, տուներ, ենթակառուցուածքներ եւ հանրային շէնքեր։
Առկայ մտահոգիչ իրավիճակին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները կը շարունակեն հանդէս գալ զանազան նախաձեռնութիւններով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սարգսեան ամերիկացի պետական քարտուղարին հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ներկայ ամսուան սկիզբին Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի կոպիտ խախտման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Սարգսեան ընդգծած է, որ Պաքուի անպատասխանատու քայլերը մեծ վնաս հասցուցած են բանակցային գործընթացին։ Քերի վերահաստատած է հիմնախնդրի խաղաղ լուծման ուղղեալ գործընթացին ի նպաստ Ուաշինկթընի լիակատար աջակցութիւնը։ Երկուստեք ընդգծուած է, որ հիմնախնդրի խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի եւ անհրաժեշտ է հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ գտնել փոխադարձաբար ընդունելի լուծման մը ճանապարհները։ Կարեւորուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դերակատարութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ ան այս հարցի կարգաւորման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափն է։ «Ամերիկայի Ձայնը» ռատիօկայանը տեղեկացուց, թէ Քերի թէ՛ Ալիեւին եւ թէ Սարգսեանին կոչ ուղղած է, որպէսզի պահպանուի հրադադարը։
Մինչ այդ, Մոսկուայէն ալ երէկ հերթական անգամ մտահոգ ձայն մը հնչեց ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Քրեմլին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի իրադրութիւնը կը համարէ փխրուն։
Բաց աստի, համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայի կողմէ բարձրաստիճան պաշտօնատար մըն ալ ներկայիս կ՚այցելէ հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար, Եւրոպայի գործերու գծով նախարար Առլէմ Տեզիրը։ Այս վերջինը հանդիպումներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Շփումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը։ Սարգսեան ցաւով նշեց, որ Ատրպէյճանի ապակառուցողական կեցուածքի եւ անոր հետեւանքներուն վերաբերեալ իր մտահոգութիւնները կ՚արդարանան։ Ամսուան սկիզբին Ատրպէյճանի սանձազերծած բռնութիւններուն ժամանակ այդ երկրի զինուորականները կատարեցին բազմաթիւ յանցագործութիւններ՝ թիրախաւորելով քաղաքացիական բնակավայրերը եւ խաղաղ բնակչութիւնը։ Այդուհանդերձ, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը արժանի հակահարուածը հասցուցած է, սակայն Ատրպէյճանի սադրանքները կը շարունակուին։ Իրավիճակը կը մնայ լարուած։
Առլէմ Տեզիր Սերժ Սարգսեանին փոխանցեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի ջերմ ողջոյնները եւ բարեմաղթանքները։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է նախ վստահութեան ամրապնդման միջոցներու ձեռնարկուիլը։
Առլէմ Տեզիրի հետ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Փիէռ Անտրիօ։