ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ ԵՒՍ ԶՈՀՈՒԵՑԱՒ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ երկրի հայ համայնքը կը շարունակէ դիմագրաւել աննկարագրելի ողբերգութիւններ։ Կը հաղորդուի, որ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերը երէկ դարձեալ ենթարկուեցան հրթիռակոծութիւններու։
Հալէպի «Գանձասար» պարբերականի հաղորդումներու հիման վրայ՝ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը երէկ տեղեկացուց, թէ Սուրիոյ ընդդիմադիր զանազան զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ երէկ թափով հրթիռակոծուած են Հալէպի զանազան շրջանները։ Քաղաքի հայաբնակ Սիւլէյմանիէ թաղամասն ալ անմասն չէ մնացած այդ հրթիռակոծութիւններէն։
Յիշեալ աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան դէպքերուն հետեւանքով զոհուեցան երկու հայեր, որոնց ինքնութիւնը տակաւին ստուգել կարելի չէ եղած։ Վիրաւորեալներու շարքին ալ կը գտնուին երեք հայեր։ Ի լրումն այս բոլորին յառաջացած է մեծ ծաւալներով նիւթական վնաս։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաս-տանի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով հերթական անգամ հեռախօսազրոյց մը ունենալով քննարկեցին Սուրիոյ իրադրութիւնը։