ԱՐՏՕՆԵԱԼ ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ չի բացառեր, որ Հայաստան կրնայ իր երկրի բնական կազը ստանալ։
Երէկ, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ «COP-29 եւ Ատրպէյճանի համար կանաչ տեսլական» խորագրեալ միջազգային ֆորումը, որու ընթացքին Ալիեւ ունեցաւ ելոյթ մը եւ պատասխանեց մասնակիցներու հարցումներուն։ Հայկական լրահոսին մէջ ալ լայն արձագանգ գտան իր յայտարարութիւնները, ըստ որոնց հեռանկարային ձեւով Հայաստան կրնայ ըլլալ Ատրպէյճանէն կազ ստացող երկիր մը՝ յատկապէս հաշուի առնելով Վրաստանին մատակարարուած բնական կազի խիստ արտօնեալ գինը։ «Եւ հարեւանութեան տեսանկիւնէ, ենթակառուցուածքներու տեսանկիւնէ, ի հարկէ, բնական կ՚ըլլար ունենալ նման համագործակցութիւն մը», ըսաւ Ալիեւ։
Հաւաքոյթի ընթացքին Ատրպէյճանի ղեկավարը հերթական անգամ արտայայտուեցաւ Զանգեզուրի միջանցքին մասին։ Ան համոզուած է, թէ այս մէկը պէտք է դիտարկել ո՛չ միայն որպէս երկաթուղային կամ ցամաքուղային հաղորդակցութեան միջոց, այլեւ որպէս հաղորդակցութեան գիծերու երթուղի մը, որ ունի մեծ ներուժ։ «Սա, հաւանաբար, կրնայ նոյնիսկ կազատար մը ըլլալ», համոզուած է Ալիեւ։
Հաւաքոյթի ընթացքին Իլհամ Ալիեւ դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան Իրանի հետ համաձայնութիւն ունի՝ Նախիջեւանին բնական կազ մատակարարելու վերաբերեալ։ Բաց աստի, իր երկիրը կը գանձատրէ կառուցումը եւս մէկ խողովակաշարի, որ Թուրքիայէն Ատրպէյճանի բնական կազը պիտի տարանցէ դէպի Նախիջեւան։ «Բայց սա կը նմանի աջ ձեռքով ձախ ականջիդ դպչելու, եթէ այդ խողովակաշարը անցնի Հայաստանի տարածքով, սա բոլորին համար ձեռնտու կ՚ըլլայ եւ թոյլ կու տայ մեծ գումարներ խնայելու», ընդգծեց Ալիեւ։