ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՄՆԱՑ ՇՈՒՐՋ 100 ՕՐ

Փարիզի 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերու մեկնարկին մնաց միայն շուրջ 100 օր:

Հայաստանը 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն ունի 7 մասնակից՝ հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեանը, ըմբիշներ Արթուր Ալեքսանեանը, Մալխաս Ամոյեանը, Սլաւիկ Գալստեանը, Վազգէն Թեւանեանը, Արսէն Յարութիւնեանը, մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեանը:

Փարիզի 33-րդ ամառային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ՚ունենան յուլիս 26-օգոստոս 11 թուականներու միջեւ: Խաղերու բացման արարողութիւնը պիտի ըլլայ բացառիկ, որովհետեւ առաջին անգամ կ՚իրականացուի ո՛չ թէ մարզադաշտի վրայ, այլ Ֆրանսայի սրտին՝ Սեն գետի երկայնքով: Փարիզը Լոնտոնէն յետոյ երկրորդ քաղաքն է, որ երրորդ անգամ կը հիւրընկալէ Ողիմպիական խաղերը (1900, 1924, 2024): 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւնը խորհրդանշական օր է, որովհետեւ 1924 թուականին խաղերու փակման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր այդ օրը:

Մասնակից հաւաքականները բացման արարողութեան կը մասնակցին նաւակներով: Փարիզի Ողիմպիական խաղերու 32 մարզաձեւերու ներքեւ կը խաղարկուի 329 մետայլ, իսկ մասնակիցներու թիւը կը գերազանցէ 10 հազարը: Այս խաղերուն որպէս նոր մարզաձեւ ներգրաւուած է «պրէյք տանս»ը: Փարիզի Ողիմպիական խաղերու քանի մը մարզաձեւերու մրցումներ կ՚իրականացուին Թաիթիի, Նանթի, Լիոնի, Մարսէյլի, Սենթ-Էթիէնի մէջ եւ այլն: Այս խաղերու մէջ կ՚աշխատի մօտաւորապէս 45 հազար կամաւոր՝ աշխարհի զանազան երկիրներէն:

Փարիզի խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէն ներկայացուցած է նաեւ Ողիմպիական խաղերու թալիսմանը՝ մասքոթը: Թալիսմանը, որ ստացած է Ֆրիկ (Phryges) անուանումը, կը նմանի ֆրանսական գլխարկներու եւ ունի կարմիր գոյն: Ֆրիկիական գլխարկը կը համարուի ֆրանսական յեղափոխութեան եւ ազատութեան խորհրդանիշ:

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024