ԿԱՐՍԻ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԱՐՇԱՒ
Կարս քաղաքը հազարաւոր տարիներու անցեալով, բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու մշակութային հետքերով միշտ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ զբօսաշրջութեան աշխարհէն ներս։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, յառաջիկայ շրջանին Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն մօտ թափ պիտի տրուի քաղաքի ծանօթացման ուղղեալ աշխատանքներուն՝ որպէսզի ան հիւրընկալէ աւելի բարձր թիւով եւրոպացի զբօսաշրջիկներ։
2009 թուականին, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան առաջնորդութեամբ, Կարս քաղաքը ներառնուած էր «Եւրոպական ընտրանի ուղղութիւններու ծրագրին»։ EDEN կոչուած այս ծրագրին շրջագծով, Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ուղղեալ ծանօթացման արշաւ մը պիտի կազմակերպուի ու նոյն նպատակով պիտի ցուցադրուին քաղաքին վերաբերեալ վաւերագրական ժապաւէններ եւ այլ գործեր։ Եւրոյանձնաժողովի ծանօթացման ու գովազդման բոլոր հնարաւորութիւններէն պիտի կարենայ օգտուիլ Կարս քաղաքը, որուն առջեւ պիտի բացուի աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ հիւրընկալելու հորիզոնը։
Կարս քաղաքը 224 տարբեր տեսակի թռչուններ կը հիւրընկալէ, իսկ պատմական Անի քաղաքի աւերակները այցելուները կ՚առաջնորդեն իսկական ոդիսականի մը։ 1001 թուականին կառուցուած Անիի Մայր տաճարը ցնցուած է բազում երկրաշարժներով եւ ենթարկուած բռնագրաւումներու, սակայն այդ բոլորով հանդերձ կը պահպանէ իր ոճը, դիմագիծը։