ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ «ԹՈՒՄՕ»

Հա­յաս­տա­նի երկ­րորդ մեծ քա­ղա­քին՝ Կիւմ­րիի մէջ ե­րէկ բա­ցուե­ցաւ ԹՈՒ­ՄՕ ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նը։ Դէ­պի Շի­րա­կի մարզ կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով, բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րո­նը ա­մե­րի­կա­հայ ազ­գա­յին գոր­ծիչ Սեմ Սի­մո­նեա­նի հսկա­յա­կան ներդ­րու­մով ա­ռա­ջին ան­գամ հիմ­նուած էր Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին «Սի­մո­նեան» հիմ­նար­կի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի կտրուած­քով կ՚ու­նե­նայ դրա­կան ար­դիւնք։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ծնած էր նաեւ Կիւմ­րիի մէջ եւս ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րոն մը ստեղ­ծե­լու գա­ղա­փա­րը։ Սա ե­ղաւ Սերժ Սարգ­սեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը եւ կեան­քի կո­չուե­ցաւ «Շանթ» հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան կող­մէ։ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) եւս իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը բե­րած է այս կա­րե­ւոր ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Կիւմ­րիի մէջ ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րո­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը իս­կա­պէս կրնայ նա­խախ­նա­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­նալ քա­ղա­քի ճա­կա­տագ­րին վրայ։ Գոր­ծու­նէու­թեան սկզբնա­կան շրջա­նին այս կեդ­րո­նը կը տե­ղա­կա­յուի Կիւմ­րիի փոր­ձա­գի­տա­կան կեդ­րո­նի տա­րած­քէն ներս, իսկ հե­տա­գա­յին կը նա­խա­տե­սուի զայն տե­ղա­փո­խել Կիւմ­րիի թատ­րո­նի շէն­քը, նախ­կին Ժո­ղովր­դա­կան տու­նը, որ կը գտնուի հա­րե­ւա­նու­թեամբ։ Սոյն շէն­քը ներ­կա­յիս են­թա­կայ է հիմ­նա­նո­րոգ­ման եւ ամ­րաց­ման։ Ե­րէ­կուան շրջայ­ցին ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեա­նին ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ, որ տա­րած­քը ա­ռայժմ պի­տի նե­րառ­նէ վաթ­սուն աշ­խա­տան­քա­յին կէտ ու պի­տի կա­րե­նայ հիւ­րըն­կա­լել 500-1000 ու­սա­նող։

Սերժ Սարգ­սեա­նի ներ­կա­յու­թեամբ շրջայ­ցին զու­գա­հեռ ցու­ցադ­րու­թիւն մըն ալ կա­տա­րուե­ցաւ ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րոն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ Սարգ­սեան կեդ­րո­նէն ներս հան­դի­պե­ցաւ նաեւ «Շանթ» հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան մա­րա­թո­նին տե­սա­հո­լո­վակ­նե­րուն մաս­նա­կից կիւմ­րե­ցի ե­րա­խա­նե­րուն հետ։ 

ԹՈՒ­ՄՕ ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նը ար­տա-դըպ­րո­ցա­կան ու­սում­նա­կան մի­ջա­վայր մըն է, ուր 12-18 տա­րե­կան պա­տա­նի­նե­րը կ՚ու­սա­նին սե­փա­կան յանձ­նա­ռու­թեամբ։ Ա­ռա­ջին ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րո­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ հիմ­նուած էր «Սի­մո­նեան» կրթա­կան հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ եւ իր դռնե­րը բա­ցած՝ 14 Օ­գոս­տոս 2011-ին։

Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան «Գի­տե­լիք յա­նուն զար­գաց­ման» ծրագ­րին շնոր­հիւ 2013 թուա­կա­նի Փետ­րուա­րէն ի վեր ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րոն մը կը գոր­ծէ նաեւ Դի­լի­ջա­նի մէջ, շուրջ ե­րեք հա­րիւր պա­տա­նի­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ներ­կա­յիս Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ եւս կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին աշ­խոյժ շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­ներ, որ­պէս­զի այն­տեղ եւս գոր­ծէ ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րոն մը։ Կը ծրագ­րուի, որ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րին շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը հաս­նին ի­րենց ա­ւար­տին եւ Ար­ցա­խի շուրջ հա­զար պա­տա­նի­նե­րուն առ­ջեւ իր դռնե­րը բա­նայ հեր­թա­կան ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րո­նը։ Ստե­փա­նա­կեր­տի ԹՈՒ­ՄՕ-ի ստեղծ­ման նա­խագ­ծին ալ իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը։

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ա­ռըն­թեր, Կիւմ­րիի ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րո­նի բաց­ման հան­դի­սու­թեան ժա­մա­նակ ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան՝ Սեմ Սի­մո­նեան, ՀԲԸՄ-ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն Վազ­գէն Եա­գու­պեան, «Շանթ» հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան նա­խա­գահ Գա­գիկ Ե­էզէ­կեան եւ այլք։

 

 

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015