ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԻԾԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան տեղեկացուց, որ քանի մը օր առաջ Երեւան տեղափոխուած են արքունի ճարտարապետներ՝ Պալեան գերդաստանի անդամներու նախագծային արխիւները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նարեկ Սարգսեան ընդգծեց, որ նախագծերը Երեւան տարուած են Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ։ Ան ըսաւ, որ սա լուրջ քայլ մըն է եւ այս արդիւնքին հասնելու համար աւելի քան կէս տարիէ ի վեր բանակցութիւններ կը վարուէին։
«Անոնք բացառիկ նիւթեր են, երկարատեւ մշակման կարիք ունին։ Արխիւի քանի մը եզակի օրինակները Հայաստանի մէջ պիտի ցուցադրուին յառաջիկայ Հոկտեմբերին՝ Ճարտարապետներու օրուան առթիւ», ըսաւ Նարեկ Սարգսեան։
Օսմանեան կայսրութեան շրջանին արքունիքի ճարտարապետը եղած Պալեանները վիթխարի ներդրում մը բերած են Իսթանպուլի պատմական դիմագծին եւ ընդհանրապէս երկրի քաղաքաշինութեան։ Անոնք արժեւորած են հայկական ու բիւզանդական ճարտարապետութեան աւանդութիւնները, որոնց վրայ աւելցուցած են արեւմտեան ճարտարապետութեան նորարարութիւնները։