ՊՈՒՐՃԱՆԱԾԷ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵՑ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ

Վրաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ, «Միա­ցեալ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան շար­ժում» կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Նի­նօ Պուր­ճա­նա­ծէ յայ­տա­րա­րեց, որ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը կը խառ­նուի իր երկ­րի ներ­քին գոր­ծե­րուն ու կը հո­վա­նա­ւո­րէ երկ­րի նախ­կին նա­խա­գահ Մի­խէյիլ Սա­հա­կաշ­վի­լիի «Միա­ցեալ ազ­գա­յին շար­ժում» կու­սակ­ցու­թիւն։

Հե­ռուս­տա­կա­յա­նի մը տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Պուր­ճա­նա­ծէ յայտ­նեց, թէ Ա­րեւ­մուտ­քը մեծ ար­ժէք կու տայ Սա­հա­կաշ­վի­լիի կու­սակ­ցու­թեան, որ կը քննա­դա­տէ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նը։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով Ա­րեւ­մուտ­քը նաեւ աչք կը փա­կէ այդ կու­սակ­ցու­թեան ա­մէն ին­չին վրայ։ Ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը ներ­կա­յիս եւս կ՚ը­նեն հնա­րա­ւո­րը, որ­պէս­զի ընտ­րու­թեան ճա­նա­պար­հով իշ­խա­նու­թեան գլուխ բե­րեն ա­րեւմ­տա­մէտ ու­ժե­րը։ Ըստ Պուր­ճա­նա­ծէի, ակն­յայտ է, որ Վրաս­տա­նի նախ­կին վար­չա­պետ Պի­ծի­նա Ի­վա­նիշ­վի­լի չի կրնար ո­րե­ւէ քայլ առ­նել ա­ռանց Ա­րեւ­մուտ­քին։ Իր ստա­ցուած­քին 80 տո­կո­սը ի պահ դրուած է ա­րեւմ­տեան դրա­մա­տու­նե­րուն մօտ եւ ըստ Պուր­ճա­նա­ծէի, Ի­վա­նիշ­վի­լի կը պաշտ­պա­նէ այդ բո­լո­րը։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, Նի­նօ Պուր­ճա­նա­ծէ յայտ­նեց, թէ Թիֆ­լի­զի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պա­նա­տու­նը մի­ջա­մուխ կը դառ­նայ երկ­րէն ներս լուրջ ո­րո­շում­նե­րու կա­յաց­ման։

 

 

 

 

 

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015