2014-ԻՆ ՇՈՒՐՋ ԵՐԵՔ ՀԱԶԱՐ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՍՏԱՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ
Անցեալ տարի 13 հազար 266 հոգի ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն, իսկ 2200 անձ հրաժարեցաւ քաղաքացիութենէ։ Վերոյիշեալ նոր քաղաքացիներու շարքին կը գտնուին աւելի քան 3 հազար սուրիահայեր։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին ըսաւ. «Մեզի համար ոեւէ անձի քաղաքացիութենէ դուրս գալը մտահոգիչ է, բայց սա քաղաքացիին իրաւունքն է, սահմանադրութեամբ ամրագրուած։ Միշտ պիտի ըլլան քաղաքացիներ, որոնք պիտի նախընտրեն ապահովել այլ երկրի մը քաղաքացիութիւնը։ Կ՚ըլլան խառն ամուսնութիւններ, երախաներ, որոնք ծնած են Հայաստանի մէջ, այնուհետեւ ծնողներուն քաղաքացիութիւնը փոխուած է, այժմ ալ անոնք կը փոխեն»։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Վիգէն Սարգսեան մատնանշեց, որ այդ թիւերը վերլուծելու ժամանակ հաշուի պէտք է առնել երկրի հարեւաններու, աւանդական սփիւռքի երկիրներու քաղաքացիութեան վերաբերեալ օրէնսդրութեան խստացումներն ու մեղմացումները, որոնք ուղղակիօրէն ազդեցութիւն կը գործեն քաղաքացիութիւն ստանալու կամ անկէ հրաժարելու հարցերուն վրայ։ «Քաղաքացիութենէ դուրս եկածներուն մեծամասնութիւնը Հայաստանի մէջ մշտապէս չեն բնակիր, եւ իրենց մշտական բնակութեան երկրին մէջ քաղաքացիութեան օրէնսդրութեան խստացման հետեւանքով հրաժարած են հայկական քաղաքացիութենէն։ Անոնց մէջ գրեթէ չկան մարդիկ, որոնք Հայաստանը լքելով դուրս կու գան քաղաքացիութենէն», աւելցուց Վիգէն Սարգսեան։