ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՆՈՐ ՔԱՅԼ

Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններու երեսփոխաններուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի համատեղ խորհրդարանական վեհաժողով մը ստեղծուի։ Վրաստանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Նիքոլոզ Սամխարածէ այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Մենք կարեւոր որոշում մը առած ենք, աշխատանքներու կը սկսինք Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի խորհրդարանական վեհաժողովի մը ստեղծման ուղղութեամբ։ Սա մեր խորհրդարանական յարաբերութիւնները պիտի բարձրացնէ որակապէս նոր մակարդակին»։

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2022