ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Փարիզի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախկին «Յառաջ» օրաթերթի բազմամեայ ու բազմավաստակ խմբագրապետուհի Արփիկ Միսաքեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Որքան որ ալ պատահած ըլլայ յառաջացեալ տարիքի մէջ՝ իր կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուցած է ինչպէս ֆրանսահայութեան, այնպէս ալ համայն հայաշխարհէն ներս։ Սփիւռքահայ մամլոյ նուիրեալ, ուխտեալ սպասաւորի մը աստղը սահած է՝ խոր յուզում պատճառելով հայկական լրագրութեան շրջանակներուն։ Ան իսկապէս հեղինակութիւն մըն էր իր ասպարէզէն ներս եւ իր մատուցած ծառայութեամբ արժանացած է ամէն գնահատանքի՝ անկեղծ, արդար ու անվերապահ։
Փարիզի Ս. Խաչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երդիքին տակ, երէկ առաւօտ, Արփիկ Միսաքեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ յընթացս Ս. Պատարագի, զոր մատոյց Տ. Յովհաննէս Բերուզեան Գերապայծառը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեան, որ արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ կուռ դամբանական մը։ Սգակիրներու շարքին էր Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէչեան, որ շրջապատուած էր դեսպանատան անձնակազմին կողմէ։ Բաց աստի, ֆրանսահայ համայնքին կողմէ ընտրանի բազմութիւն մը մասնակցեցաւ Արբիկ Միսաքեանի յուղարկաւորութեան, ինչպէս՝ վարչայիններ, հասարակական գործիչներ, բարերարներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, համալսարանի դասախօսներ, լրագրողներ, կուսակցական դէմքեր, նաեւ իր բարեկամներն ու համակիրները, որոնք փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը արտայայտելու Արփիկ Միսաքեանի նկատմամբ։ Ֆրանսահայ համայնքին ներկայացուցիչները ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ Արփիկ Միսաքեանին՝ իրենց բիւր յարգանքին առարկայ դարձնելով զայն։ Այս առթիւ բոլոր յուղարկաւորները իրենց խոնարհումը բերին դագաղին մօտ, որ զետեղուած էր խորանին առջեւ։ Մինչ այդ հրապարակուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի պաշտօնական ցաւակցականը։ Յուզումնախառն արարողութեան աւարտին Արփիկ Միսաքեանի անշունչ մարմինը ամփոփուեցաւ Փէր Լաշէզի գերեզմանատան մէջ։
Միւս կողմէ, ֆրանսահայ լրատուամիջոցներն ալ վերջին օրերուն անընդհատ կ՚անդրադառնան Արփիկ Միսաքեանի մահուան՝ ընդգծելով իր անփոխարինելի վաստակն ու վառ անհատականութիւնը։ Իսկ երէկ-ւան յուղարկաւորութեան ընթացքին բոլորը վշտակցութիւն ու բարոյական զօրակցութիւն յայտնեցին Արփի Թոթոյեանին, որ վերջին տասնամեակներուն եղած էր լուսահոգի Արփիկ Միսաքեանի անմիջական գործակիցը։