ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԵՏ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Համայն աշխարհ վերջին օրերուն անմիջական ուշադրութեամբ հետեւեցաւ Ռուսաստանի մէջ ծագած ներքին խռովութիւններուն։ Ըստ երեւոյթին, յառաջացած հարցերը թէեւ աստիճանաբար կը հարթուին, սակայն Ուքրայնայի հետ պատերազմի մթնոլորտին մէջ այս իրադարձութիւնները, երկրէն ներս ծագած ներքին խռովութիւնները չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան-Վլատիմիր Փութին զրոյցի ընթացքին ալ շօշափուեցան համապատասխան հարցերը։ Փութին Փաշինեանին տեղեկացուց վերջին իրադարձութիւններուն մասին։ Փաշինեան ընդգծեց, որ թէեւ Ռուսաստանի իրադարձութիւնները երկրին ներքին գործը կը համարուին, սակայն կը փափաքէր տեղեկութիւններ ունենալ բարեկամ երկրէն ներս հաստատուած իրադրութեան շուրջ։