«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ի ԲԱՑՄԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՐՄԻՐ ԳՈՐԳԻ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ

Հայկական շարժանկարի աշխարհը արդէն հերթական անգամ կ՚ապրի «Ոսկէ ծիրան» Երեւանի միջազգային փառատօնի խանդավառութիւնը։ Այս տարի 21-րդ անգամ տեղի պիտի ունենայ «Ոսկէ ծիրան»ը, որու բացումը նախատեսուած է գանատահայ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի նոր ժապաւէնով, որ կը կոչուի «Եօթ գողը»։ 7-14 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ փառատօնը, որու պատուոյ հիւրը պիտի ըլլայ աշխարհահռչակ դերասան Քեւըն Սփէյսի։ 21-րդ «Ոսկէ ծիրան»ին առանձնայատուկ անդրադարձ պիտի կատարուի երկու անմոռանալի մեծութիւններու՝ Շարլ Ազնաւուրի եւ Սերկէյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեայ յոբելեաններուն։

Բաց աստի, «Արարատ» առասպելական հայկական քոնիաքը, «Ոսկէ ծիրան» Երեւանի միջազգային շարժանկարի փառատօնն ու հայկական գորգը պիտի մէկտեղուին այս տարուան ծրագրի շրջանակներէն ներս։ Արդարեւ, փառատօնը այս տարի նոր մօտեցումով պիտի ներկայանայ հիւրերուն եւ շարժանկարի սիրահարներուն։ «Ոսկէ ծիրան»ի բացման արարողութեան աւանդական կարմիր գորգը այս տարի պիտի փոխարինուի հայկական կարմիր գորգի հաւաքածոյով՝ ձեւաւորելով նոր մշակոյթ, տեղական եւ միջազգային շարժանկարի փառատօնի դաշտէն ներս։

«Ոսկէ ծիրան» փառատօնի եւ «Արարատ» քոնիաքի գործարանի 20-ամեայ համագործակցութիւնը կը բնորոշուի գործարանի թանգարանէն ներս բացուած յատուկ ցուցադրութեամբ։ «Համարձակ Խնձորեսք» գորգերու ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը արդէն կը հանդիսանայ մօտալուտ «Ոսկէ ծիրան» 21-րդ շարժանկարի փառատօնի կարմիր գորգի իւրօրինակ նախաբանը։ Այսպէսով «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի կարմիր գորգի արարողութիւնը կը վերափոխուի եւ կը ներկայացուի նորովի։

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2024