ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Սփիւռքահայ մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի հեղինակած «Հայկական ազգագրական պատկերներ. տեսիլք, կամք եւ յոյս» նոր գիրքը ուշադրութեան եւ գնահատանքի կ՚արժանանայ սփիւռքեան շրջանակներէն ներս։ Կը տեղեկանանք, որ վերջերս Հրայր Ճէպէճեանի գիրքին համար շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ՝ կազմակերպութեամբ Համազգային կրթական ու մշակութային միութեան տեղւոյն մասնաճիւղին։ Ձեռնարկին նախագահեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, որուն ընկերացաւ Տ. Շնորհք Քհնյ. Պաղտասարեան։ Լոնտոնի մէջ հաստատուած հայկական միութիւններու կամ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հետաքրքիրներ մասնակցեցան շնորհանդէսին, որ առիթ հանդիսացաւ բազմակողմանի կարծիքի փոխանակումներու։
Շնորհանդէսի բացման ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Հրաչ Պօղոսեան՝ յանուն կազմակերպիչներուն։ Հրայր Ճէպէճեան համապարփակ ձեւով ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը։ Արտայայտուեցան նաեւ տքթ. Արտա Ճէպէճեան եւ տքթ. Հրաչ Գույումճեան, որոնք իրենց խորհրդածութիւններով բացայայտեցին գործին զանազան չափումները։
Նորին Սրբազնութիւնն ալ օրհնութեան խօսք մը արտասանելով գնահատեց հեղինակը՝ մասնաւորապէս շեշտելով, որ ան կարեւոր աշխատանք կը տանի սփիւռքահայ զանազան իրավիճակները ներկայացնելու եւ համադրելու տեսակէտէ։
Յայտագրի եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխան։ Փակման աղօթքէն վերջ հեղինակը ներկաներուն համար մակագրեց իր գիրքերը։ Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ալ տքթ. Հրայր Ճէպէճեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ բոլորին կողմէ՝ անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ։