ՏԵՒԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը թէեւ տեսանելի շօշափելի արդիւնքներ տակաւին չունի, սակայն կողմերու միջեւ տեւական շփումներ տեղի կ՚ունենան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Մօտաւոր անցեալին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ուստի, երկու ղեկավարներու զրոյցէն վերջ երէկ կապ հաստատեցին նաեւ արտաքին գործոց նախարարները։

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Հաքան Ֆիտան եւ Արարատ Միրզոյեան քննարկեցին Անգարա-Երեւան շարունակական երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Նախարարները անդրադարձան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ ցարդ գոյացած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման։

Մինչ այդ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բաց աստի, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ Պաքուի մէջ ընդունեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւը։ Այս վերջինը աշխատանք կը տանի Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով։ Պայրամով եւ Խովայեւ անդրադարձան տարածաշրջանային հարթակներու շրջանակներէն ներս իրականացուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան գործընթացի ներկայ կացութեան ու հեռանկարներուն, նաեւ տարածաշրջանէ ներս իրավիճակին։ Պայրամով Խովայեւին տեղեկացուց Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ բանակցութիւններու ընթացքը։ Պաքու միշտ կը շեշտէ, որ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հիմնական խոչընդոտներէն մին Հայաստանի Սահմանադրութեան բովանդակութիւնն է։

Իր կարգին, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է Հայաստանի մէջ կայունութեամբ եւ լաւ առեւտրային յարաբերութիւններով, ինչպէս նաեւ եղբայրական կապերով։ Ալեքսէյ Օվերչուք յիշեցուց, որ մրցանիշային արագութեամբ վերականգնուած է Հայաստանի երկաթուղային ցանցը, որ վերջին հեղեղներուն հետեւանքով լրջօրէն վնասուած էր։

«Ի հարկէ, խօսելով Հայաստանի մասին, սխալ կ՚ըլլայ աչք փակել այն փաստին վրայ, թէ այսօր այս երկրի քաղաքական ուղղութիւնը աւելի ու աւելի կը թեքուի դէպի Արեւմուտք։ Մենք պէտք է հասկնանք նաեւ, որ Եւրոմիութիւնն ու Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւնը անհամատեղելի են։ Այն օգուտները, որոնք որեւէ երկիր կը ստանայ Ռուսաստանի հետ մերձաւոր ըլլալու բերումով, պէտք է ընդունուին որպէս գին, որ մենք կը վճարենք մեր անվտանգութեան եւ ռազմավարական խորութեան համար։ Ուստի, որոշ արտատարածաշրջանային խաղացողներու ժամանումը այստեղ, ի հարկէ, կ՚ունենայ հետեւանքներ», յայտնեց Օվերչուք։

Մինչ այդ, Ուաշինկթընն ալ հերթական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն շուրջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ ներգրաւուած մնալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ լուծելու համար անոնց միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները։ Ամերիկեան կողմը կը շարունակէ աջակցիլ Երեւանին եւ Պաքուին՝ առկայ վէճերը կարգաւորելու նպատակով։

Միւս կողմէ, Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրամանեամ Ճայշանքարն ալ յայտնեց, որ Հայաստանի դիրքը իր երկրին տեսակէտէ շատ կարեւոր է։ Հնդկաստան այցելած միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ ան ընդգծեց, որ Հայաստան Եւրոպայի եւ Արեւելքի միջեւ կը գտնուի։ Սուպրամանեամ Ճայշանկքար ընդգծեց, որ Երեւանի եւ Նիւ Տելհիի միջեւ լաւ յարաբերութիւններ հաստատուած են ու շատ հնարաւորութիւններ կան համագործակցութիւնը զարգացնելու համար։

Հարկ է նշել, որ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին ալ կը պատրաստուի այցելել Ռուսաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մոտիի Մոսկուայի շփումները նախատեսուած են յառաջիկայ յուլիսի 8-9-ին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2024