ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը, թէ ռուս խաղաղապահները, ըստ համաձայնութեան, պէտք է Լեռնային Ղարաբաղ մնան մինչեւ 2025 թուականը, տարածաշրջանին մէջ նոր իրավիճակի մը ձեւաւորման նախադրեալները կը փոխանցէ: Ճիշդ է, որ համաձայնութիւնը հինգ տարուան համար է: Խնդիրը ա՛յս պահուն Էրտողանին կատարած յիշեցումն է, որովհետեւ շարունակած է ան, որ կը հաւատայ, թէ Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ այդ համաձայնութեան:

Այս երկրորդ բաժինով ուղերձ կը փոխանցուի, անշուշտ: Մոսկուա պէտք չէ ձգտի երկարաձգելու իր խաղաղապահ առաքելութեան ժամկէտը: Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը կը համալրուի երրորդ բաժինով մը՝ Ատրպէյճան մօտէն կը հետեւի այս գործընթացին: Պարզապէս ըսել կ՚ուզուի, որ Պաքու ակնդէտ կը սպասէ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան ժամկէտի աւարտին:

Էրտողան կը շրջանցէ շատ կարեւոր օղակ մը: Ռուսական զօրքերը Աղտամի մէջ կը կիրարկեն համատեղ խաղաղապահութիւն իրենց թուրք գործընկերներուն հետ: Եռակողմանի համաձայնութեան համապատասխան կէտը, ընդհանրապէս, չի խօսիր թրքական զօրախումբի ներգրաւման մասին: Նոյեմբերեան յայտարարութեան 4-րդ կէտը կ՚ըսէ. «Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրակազմը կը տեղակայուի հայկական զինեալ ուժերու դուրսբերման զուգահեռ: Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրակազմի գտնուելու ժամկէտը կը կազմէ հինգ տարի՝ հերթական 5-ամեայ ժամկէտներով ինքնաբերաբար երկարաձգմամբ, եթէ կողմերէն որեւէ մէկը ժամկէտի աւարտէն վեց ամիս առաջ չյայտարարէ սոյն դրոյթի կիրարկումը դադրեցնելու մտադրութեան մասին»:

Ուրեմն, քանի մը դիտարկում…

Նախ՝ հակառակ անոր որ համաձայնութիւն չկայ թրքական զօրախումբ մը ներառելու խաղաղապահ առաքելութեան՝ Մոսկուա եւ Անգարա համաձայնած են Աղտամի մէջ համատեղ խաղաղապահ կեդրոն մը ունենալ: Հիմա պարզ չէ, որ ժամկէտի աւարտը կը վերաբերի՞ թուրք զօրախումբին, թէ անիկա Ատրպէյճանի հետ համաձայնաբար կը շարունակէ մնալ Աղտամի մէջ եւ գուցէ նոր ստորաբաժանումներով կը համալրէ իր ռազմական միաւորները:

4-րդ կէտը կը խօսի խաղաղապահ առաքելութեան ինքնաբերաբար հերթական հինգ տարուան ժամանակով երկարաձգման մասին: Պարզ է, որ առաքելութիւնը կը պահանջէ ստանալ երկկողմանի համաձայնութիւն: Կողմերէն մէկը, ըստ համաձայնութեան, վեց ամիս առաջ կրնայ առարկել եւ յայտնել իր անհամաձայնութիւնը առաքելութեան շարունակման: Հիմա Անգարա Պաքուին վերապահուած բաժինը իր վրայ կը վերցնէ եւ ո՛չ թէ վեց ամիս, այլ երկուքուկէս տարի առաջ կը յայտնէ իր անհամաձայնութիւնը ռուսական խաղաղապահութեան շարունակումին:

Ֆինլանտայի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան դէմ թրքական մերժումի վերացումը, Շուէտի անդամակցութեան հարցը վաւերացման համար արագացուած կարգով Թուրքիոյ խորհրդարան տանիլը, «Ազով»ի գումարտակի Թուրքիայով Ուքրայնա անցումը, այդ բոլորէն առաջ արեւմտեան ապրանքներու Թուրքիոյ վրայով դէպի Ռուսաստան ընթացող հոսքի կասեցումը նախադրեալներ էին, որ Անգարա կը վերադառնայ Ուաշինկթընի ազդեցութեան գօտի եւ քայլ առ քայլ կը հեռանայ Մոսկուայէն: Հիմա կը մասնակցի Մոսկուան Կովկասէն հեռացնելու հաւաքական Արեւմուտքի ծրագրի իրականացման:

Երկրաշարժի աղէտէն, ելմտատնտեսական տագնապէն, հասարակութեան երկփեղկումէն ետք ակնկալելի էր Միացեալ Նահանգներու ազդեցութեան վերադարձը Թուրքիա յատուկ ընդգծումներով: Այս երթը հաւանաբար շարունակուի:

Իրադարձութիւնները շատ արագ են: Երկուքուկէս տարուան ընթացքին կրնան այլ մեծ պատահարներ տեղի ունենալ եւ Անգարա վերստին կրնայ փորձել խուսանաւել Արեւմուտքի եւ Մոսկուայի միջեւ: Ներկայ դիպաշարը, սակայն, կը համոզէ, թէ Ուաշինկթըն որոշած է դիւրաբեկել Մոսկուա-Անգարա առանցքը՝ մեկուսացնելու համար Ռուսաստանը, որուն սահմանները հասած են արդէն ՆԱԹՕ-ի ուժերը: Ուքրայնայի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութիւնը պիտի շարունակէ մնալ առեւտուրի առարկայ փրոքսի պատերազմի կարելիութիւնը բաց ձգելու եւ Ռուսաստանը պատերազմի մէջ ներքաշուած պահելու նպատակով:

Տարածաշրջանին մէջ իրավիճակ կը փոխուի: Էրտողան խաղաթուղթ կը տրամադրէ Արեւմուտքին, որ անվերջ կ՚արծարծէ միջազգային երաշխիքներու չէզոք կամ ՄԱԿ-ի հաստատութիւններու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը:

Ամբողջ խնդիրը այժմ այն է, որ հայկական կողմը ինչպէ՞ս կրնայ նպաստաւորուիլ Մոսկուա-Անգարա՝ հետզհետէ տեսանելի դարձող հակասութիւններէն: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն անվտանգութեան նոր ճարտարապետութեան գծագրման հրամայականը անյետաձգելի է: Ճարտարապետական կարողականութեան մարդուժը տեսանելի չէ Երեւանի պաշտօնական գերատեսչութիւններուն մէջ: Միեւնոյն ժամանակ փաստ է, որ պահանջուած կարողականութիւնը համախմբելու կամքն ու նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ բացակայիլ՝ նոյնիսկ այս ճակատագրորոշ օրերուն:

Կայ հրամայական անվտանգային հարցերու համահայկական փորձագիտական համայնք մը ձեւաւորելու եւ ռազմավարական նոր հայեցակարգ մը մշակելու՝ շատ արագ փոփոխուող աշխարհաքաղաքականութեան դիմաց, նաեւ զուգահեռ աշխատելու, որպէսզի նոր ճարտարապետութեան հիման վրայ աշխատին հայկական դիւանագիտութիւնն ու ռազմական ուժերը:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2023