ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔՆԵՐ ՈՒ ԵՐԹԵՐ

Արցախի պաշարման պայմաններուն ներքեւ հայկական հանրային կարծիքին կողմէ դրսեւորուած զգայնութիւնը հետզհետէ նոր դրսեւորումներ կ՚ունենայ։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը մարդասիրական իսկական աղէտի մը դէմ յանդիման մնացած է եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ հանրային կարծիքը աստիճանաբար կը թօթափէ անտարբերութիւնը եւ կը կեդրոնանայ լուծման հեռանկարներու վրայ։ Մինչ համապատասխան հանրային կարծիք կը ձեւաւորուի ակնյայտօրէն, երէկ, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցան նոյնաժամանակ հանրահաւաքներ ու երթեր։ Երեւանի Ազատութեան եւ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակներուն վրայ նոյնաժամանակ կազմակերպուած հանրահաւաքներու մասնակիցներուն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ տեսակապով հաղորդակից դառնալ իրարու։ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցածներու շարքին էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանը։

Ստեփանակերտի մէջ ալ Վերածնունդի հրապարակին վրայ հաւաքուածներուն առջեւ ելոյթ մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան, որ համոզուած է, թէ Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը կրնայ ճշդուիլ միայն Արցախի ժողովուրդին իսկ կողմէ։ Ան յայտնեց, որ Ստեփանակերտ Երեւանէն կը պահանջէ հրաժարիլ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու գաղափարէն՝ ըլլայ այդ մէկը բանաւոր կամ գրաւոր։ Գուրգէն Ներսիսեան դիմելով Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ յայտարարեց, որ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալով հնարաւոր չէ ապահովել տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու Արցախի ժողովուրդի արժանապատիւ գոյութիւնը։ Աւելի՛ն՝ այս բանը չի կրնար երաշխաւորել նոյնիսկ Հայաստանի գոյութիւնը, որովհետեւ տարածաշրջանէն ներս թիրախաւորուած են ո՛չ թէ Արցախը, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդն ու ազգային պետականութիւնը։ Գուրգէն Ներսիսեան դիտել տուաւ նաեւ, որ Արցախը Ատրպէյճանի մաս չճանչնալը չի նշանակեր, որ Հայաստան տարածքային պահանջներ ունի Ատրպէյճանէն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2023