ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԻՋԵՒ ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Թուր­քիոյ եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը ստո­րագ­րուե­ցաւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ պայ­քա­րի հար­ցին շուրջ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­ջեւ ա­ւար­տած են՝ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ նա­խա­տե­սուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ թեք­նիկ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Եր­կու եր­կիր­նե­րու զի­նուո­րա­կան կա­ռոյց­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ար­դէն ստո­րագ­րած են այդ փաս­տա­թուղ­թը։ Ըստ Չա­վու­շօղ­լուի, այս մաս­նա­ւոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը մաս կը կազ­մեն Թուր­քիոյ եւ ԱՄՆ-ի մի­ջեւ ձեռք բե­րուած հա­սա­րա­կաց հա­մա­ձայ­նու­թեան շրջագ­ծին։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Չա­վու­շօղ­լու հեր­քեց այն պնդում­նե­րը, թէ Թուր­քիոյ եւ ԱՄՆ-ի մի­ջեւ այս նիւ­թին շուրջ գո­յու­թիւն ու­նին տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ։ Կարգ մը նրբու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին ար­տա­յայ­տուած տար­բեր շեշ­տադ­րում­նե­րը թէեւ հան­րա­յին կար­ծի­քին կող­մէ կ՚ըն­կա­լուին որ­պէս տա­րա­կար­ծու­թիւն, սա­կայն նա­խա­րա­րը նշեց, թէ ո­րե­ւէ հա­կա­սու­թիւն գո­յու­թիւն չու­նի կող­մե­րու դիր­քո­րո­շում­նե­րուն մի­ջեւ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015