ՃԻՎԱՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ԿՈՂԱԿԻՑԸ
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիվան Գասպարեանի կողակիցը՝ պարուհի Աստղիկ Զարգարեան։ Կը հաղորդուի, որ ան ծերունական տկարութեան հետեւանքով մահացած է եւ իր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է նախընթաց օր՝ Երեւանի Նոր Նորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն վերջ։
1932 թուականին ծնած Աստղիկ Զարգարեան ուսանած էր Երեւանի պարարուեստի եւ քորէօկրաֆիի դպրոցէն ներս՝ դասական պարի բաժնին մօտ։ Կրթութիւնը շարունակած էր օտար լեզուներու վրայ, մասնագիտանալով ֆրանսերէնի մէջ։ Իր իրական կոչումը եղած էր պարը։ Երեւանի Օփերային մօտ մասնակցութիւն բերած էր շարք մը ներկայացումներու։ 1948 թուականին ընդունուած էր «Թաթուլ Ալթունեան» երգի-պարի համոյթի կազմին, զոր վարած էր աւելի քան քսան տարի։ Այդ նոյն շրջանակին մէջ է, որ տեղի ունեցած էր իր ճակատագրական հանդիպումը Ճիվան Գասպարեանի հետ։ Աստղիկ Զարգարեան հանդիսատեսներուն կը ներկայանար ինչպէս հայկական, այնպէս ալ այլ ժողովուրդներու պարերով։ Ան հայկական պարարուեստը ներկայացուցած էր աշխարհի շարք մը երկիրներուն մէջ՝ արժանանալով բա-զում մրցանակներու եւ պատուոյ գրերու։
Այս տխուր առթիւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք աշխարհահռչակ վարպետ Ճիվան Գասպարեանին եւ իր ընտանիքին։