ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ ԿՈՂՄՆԱԿԻՑ Է ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու կազ­մին մէջ պէտք չէ ըլ­լան փո­փո­խու­թիւններ։ «news.am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Բա­զէ» հա­մա­հայ­կա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րուն հետ զրու­ցելու ըն­թաց­քին ան ը­սաւ. «Թէեւ մենք կը գտնուինք ո՛չ պա­տե­րազ­մի, ոչ ալ խա­ղաղու­թեան վի­ճա­կին մէջ, սա­կայն պէտք է պահ­պա­նուի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ձե­ւա­չա­փը, որ աշ­խա­տած է եւ այժմ ալ կը շա­րու­նա­կէ ու պէտք է պահ­պա­նուի»։

­Սէյ­րան Օ­հա­նեան նշեց, թէ ինք դրա­կան վե­րա­բեր­մունք ու­նի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի գոր­ծու­նէու­թեան նկատ­մամբ՝ հասկ­նա­լով, որ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը չի կրնար ըլ­լալ սեղմ ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ։ Ըստ ի­րեն, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կը նպաս­տած է հա­կա­մարտ կող­մե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րա­կան խա­ղա­ղու­թեան պահ­պան­ման։ «Չենք կար­ծեր, թէ պէտք է փո­փո­խու­թիւն­ներ ըլ­լան հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ցան­կին մէջ։ Ի հար­կէ, այ­սօր կը նկա­տուի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի քա­ղա­քա­կան նե­րու­ժի ո­րոշ նուա­զում մը։ Ես նկա­տի ու­նիմ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու հետ Ռու­սաս­տա­նի տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը։ Սա­կայն սա չի խան­գա­րեր միջ­նոր­դա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մէջ ա­նոնց ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տան­քը», նշեց Սէյ­րան Օ­հա­նեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015