ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ
Եւրոխորհուրդի «Ժողովրդավարութիւն՝ իրաւունքի միջոցաւ» յանձնաժողովի ներկայացուցիչները այս օրերուն շփումներ կ՚ունենան Երեւանի մէջ։ Վենետիկի յանձնաժողով անուանումով ծանօթ այս կառոյցին պատուիրակութիւնը Հայաստան գացած է սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն ուղղեալ նախագծին շուրջ քննարկումներ ծաւալելու առաջադրութեամբ։
Վենետիկի յանձնաժողովի ներկայացուցիչները նախընթաց օր հիւրնկալուեցան Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Զրոյցի ընթացքին Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագծի մշակման գործընթացէն ներս միջազգային այս հեղինակաւոր կառոյցին կողմէ ցուցաբերուած բարձրորակ մասնագիտական օժանդակութեան համար՝ կարեւորելով այդ մէկուն նշանակութիւնը երկրէն ներս ձեռնարկուած իրաւական բարեփոխումներու տեսանկիւնէն։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ քննարկման ենթակայ նախագծին կապակցութեամբ սկզբունքային տարաձայնութիւններ գոյութիւն չունին։ Կարծիքներ փոխանակուեցան ժամանակակից սահմանադրական զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նոր սահմանադրութեան նախագծին մէջ տեղ գտած ժողովրդավարական ներմուծութիւններուն կապակցութեամբ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վենետիկի յանձնաժողովի անդամներէն Քրիստոֆ Կրապենվարթէր երէկ առաւօտ Երեւանի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ սկզբունքային տարաձայնութիւններ չունին Հայաստանի իրենց գործընկերներուն հետ։
Վենետիկի յանձնաժողովի ներկայացուցիչները Երեւանի շփումներուն շրջագծով կը շօշափեն նաեւ Հայաստանի զանազան քաղաքական ուժերու տեսակէտը: