ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՀԱՐՑ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան կոչ ուղղեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին՝ ապահովել Պաքուի մէջ ի պահ դրուած բոլոր հայ պատանդներու եւ ռազմագերիներու ազատ արձակումը։

Յառաջիկայ նոյեմբերին, Ատրպէյճանի տանտիրութեամբ, ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան յանձնաժողովի նիստը տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ, որու ընդառաջ միջազգային հանրութենէն զանազան շրջանակներ եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ միշտ օրակարգի վրայ կը բերեն՝ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման հարցը։ Յիշեալ ժողովի՝ COP29-ի ընդառաջ այս կոչերուն միացաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ը։ Պերճ Սեդրակեանի կողմէ Էնթընի Պլինքընին ուղարկուած նամակին մէջ շեշտուեցաւ, որ ՀԲԸՄ աշխարհի խոշորագոյն բարենպատակ համահայկական կազմակերպութիւնն է եւ անոր կեդրոնատեղին կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ։ Նախագահ Սեդրակեան երախտագիտութիւն յայտնեց՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններուն նպաստելու ուղղեալ պետական քարտուղարի ջանքերուն համար։ Սեդրակեան յիշեցուց, որ Պլինքըն ներկայ տարեմուտին յայտարարած էր, թէ ԱՄՆ յանձնառու է աջակցիլ COP29-ի Պաքուի մէջ կազմակերպման։ «Այս նպատակով դուք Ատրպէյճանին յորդորեցիք հաւատարիմ մնալ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային պարտաւորութիւններուն ու յանձնառութիւններուն եւ ազատ արձակել անարդարօրէն կալանաւորուած բոլոր անձերը եւ այդ քայլը առնել անյապաղ։ Այս զրոյցը երկու ամիս առաջ էր։ Կալանաւորներու վերաբերեալ ԱՄՆ-ի յստակ եւ հետեւողական դիրքորոշումը անգամ մը եւս հնչած է նաեւ ձեր բանբերի կողմէ ընդամէնը երկու շաբաթ առաջ։ Ես կը խօսիմ ՀԲԸՄ-ի՝ աշխարհով մէկ սփռուած բազմաթիւ անդամներու, մասնաւորապէս՝ ԱՄՆ-ի մէջ բնակող հայութեան անունով՝ բարձրաձայնելով մեր ահագնացող անհանգստութիւնը առ այն, թէ ձեր խօսքերը անուշադրութեան մատնուած են եւ կը շարունակեն մատնուիլ», նշած է Պերճ Սեդրակեան։

ՀԲԸՄ-ի նախագահի նամակին մէջ յատկանշական նկատուած է, որ հայ գերիներու՝ ներառեալ Արցախի նախկին ութ ղեկավարներու մօտալուտ ազատ արձակման վերաբերեալ որեւէ լուր շրջանառութեան մէջ չէ։ Անոնք ձերբակալուած էին անցեալ սեպտեմբերին՝ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումէն յետոյ, երբ աւելի քան 120 հազար հայերու հետ միասին պարտաւորուած էին Արցախը լքելու։ Պատանդառեալներու շարքին Պերճ Սեդրակեան յիշած է նաեւ անունը Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի, որ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամներէն էր եւ ահռելի ներդրում ունի Հայաստանի եւ միջազգային մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն մէջ։

Նոյն նամակին մէջ մտահոգիչ համարուած է այն փաստը, որ շարք մը հայ ռազմագերիներ կը շարունակեն մնալ կալանքի տակ, ինչ որ կը նշանակէ 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթի խախտումը։ Անորոշ է նաեւ անյայտ թիւով քաղաքացիական գերիներու հարցը։ Այս բանտարկեալները կը շարունակեն կալանքի տակ մնալ ներքին եւ միջազգային իրաւունքի՝ ներառեալ Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագրի եւ Մարդու իրաւանց Եւրոպայի պայմանագրի ակնյայտ խախտմամբ։ Պերճ Սեդրակեան շեշտած է, որ այս հանգամանքը մեծապէս կ՚ազդէ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան վրայ, իսկ վերոյիշեալ փաստաթուղթերուն տակ կայ նաեւ Ատրպէյճանի ստորագրութիւնը։ «Իւրաքանչիւր օր օրհասական է կեանքին համար այն երիտասարդ հայ զինուորներուն, որոնց ընտանիքները շուրջ չորս տարիէ ի վեր կը սպասեն անոնց ապահով վերադարձին։ Այս բանտարկեալներու ազատ արձակումը կենսական նշանակութիւն ունի խաղաղութեան հաստատման գործին», շեշտած է ան։

Սեդրակեանի համոզմամբ, ժամանակն է, որպէսզի ԱՄՆ գործադրէ իր առաջնորդութիւնը՝ պահպանելու համար այժմու աշխարհակարգը՝ յատկապէս ներկայ մեծաթիւ հակամարտութիւններու պայմաններուն ներքեւ։ Այդ հակամարտութիւնները ամբողջ աշխարհին մէջ կը վիճարկեն խաղի կանոնները։ ԱՄՆ-ի՝ որպէս ազատ աշխարհի առաջնորդի համբաւը, կարծես, վտանգուած է՝ անմեղ կեանքեր խլող մեծաքանակ պատերազմներու եւ թշնամական բռնութիւններու պայմաններուն ներքեւ։

«ԱՄՆ-ի եւ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը կը շարունակէ խորապէս մտահոգուած մնալ իր հայրենակիցներու ճակատագրով։ Անոնք չափազանց երկար ժամանակէ ի վեր գերութեան մէջ են։ Մենք երախտապարտ կ՚ըլլանք տեղեկանալ այս հարցին շուրջ զարգացումներուն՝ մասնաւորապէս, թէ որքանով ձեր ջանքերը կը նպաստեն Ատրպէյճանէն բոլոր հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակման», եզրակափակուած է Պերճ Սեդրակեանի նամակը՝ ուղղեալ Էնթընի Պլինքընին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 26, 2024