ԻՐԱՐՈՒ ԴԷՄ ԹՇՆԱՄԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐ
Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան անմենայն պարզութեամբ յայտարարեց՝ այն ինչ, որ բոլորը գիտէին, սակայն, չէին յանդգներ բացէ ի բաց ու բարձրաձայն յայտարարել։ Առանց Փութինի կանաչ լոյսին՝ Ատրպէյճան պիտի չհամարձակէր յարձակիլ Արցախի վրայ եւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին չսկսէր։ Աւելի սուր արտայայտութիւն մը եւս ունեցաւ՝ յայտնելով, թէ Ռուսաստան Արցախը յանձնեց Ատրպէյճանին։
Իսկ նկատի առնելով Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին նոր «Caesar» հրետանիի վաճառքին առթիւ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի թշնամական յայտարարութիւնները, ըստ որոնց, իբրեւ թէ Ֆրանսա Հայաստան-Ատրպէյճան պատերազմ մը կը հրահրէ՝ Արմէն Գրիգորեան նշեց, որ Ռուսաստան մինչեւ օրս Հայաստանին մատակարարած է միայն 10 տոկոսը այն զինամթերքին, որուն փոխարժէքը արդէն վճարուած է (400 միլիոն տոլար)։ Շատ ծանր ամբաստանութիւններ, որոնք շատ խոր կերպով եւ ուղղակի կը մեղադրեն Ռուսաստանը, որ միշտ ինքզինք ցուցադրած է՝ իբրեւ գլխաւոր պաշտպանը Հայաստանի, անոր անվտանգութեան մեծագոյն երաշխաւորը Օսմանեան կայսրութեան շրջանէն ի վեր։
Շատերու համոզումով՝ Հայաստանի անվտանգութեան մեծագոյն պատուհասները եկած են հայութեան՝ Ռուսաստանէն անհիմն անվտանգային սպասումներէն։ Նշենք միայն երեք կարեւոր դրուագ.
- Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին պոլշեւիկեան յեղափոխութեան պատճառով ռուսական բանակի նահանջը Թուրքիոյ պատերազմի ճակատէն։
- Առաջին Հանրապետութեան շրջանին, 1920-էն սկսեալ ռուս-թրքական դաշինքին պատճառով անկախ Հայաստանի տարածքի կէսին կորուստը (…)։
- Սովետական կարգերու հաստատման շրջանին Արցախի՝ Ատրպէյճանի վարչական ենթակայութեան յանձնումը։ Եւ 2020-ի պատերազմին Ռուսաստանի միջոցով Արցախի ամբողջական յանձնումը Ատրպէյճանին։
Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխյարաբերութիւններու պարագային՝ ջարդերէն ի վեր երկու կողմերուն համար ալ ստոյգ է թշնամական հանգամանքը։ Սակայն, Ռուսաստանի պարագային՝ երկու կողմերն ալ դարաւոր բարեկամութեան խօսոյթ մը զարգացուցած են, բայց, Ռուսաստան միշտ մնալով կայսերական եւ Հայաստան՝ ենթակայի դիրքով փոխյարաբերութեան մէջ, նոյնիսկ Սովետական Միութեան ժամանակաշրջանին։ Սակայն, ահա 2020-ի 44-օրեայ պատերազմով եւ 2023-ի սեպտեմբերի Արցախի ցեղային զտումով հայ-ռուսական յարաբերութեանց կեղծ բնոյթը ջուրի երես ելաւ։ Ռուսական կողմը սկսաւ ամբաստանել հայկական իշխանութիւնները՝ դէպի Արեւմուտք հակելու մեղադրանքով եւ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ վերջապէս քաջութիւնը ունեցան բացէ ի բաց մատնացոյց ընելու Ռուսաստանի երկդիմի կեցուածքը։ Բոլոր անոնք, որոնք թաւշեայ յեղափոխութեան կը վերագրեն Հայաստանի դէմ Ռուսաստանի դիրքորոշման փոփոխութիւնը, չարաչար կը սխալին։ Նոյնիսկ Սերժ Սարգսեան 2016-ի քառօրեայ պատերազմի աւարտին օդանաւով Հայաստան վերադարձին, լրագրողներու հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ Ռուսաստան՝ իբր դաշնակից այն չէ, ինչ որ Թուրքիան է՝ իբր դաշնակից Ատրպէյճանին։ Այդ առթիւ էր, որ ան նաեւ յայտարարած էր, թէ Ռուսաստան Հայաստանին 80-ականի զէնքեր մատակարարած է։ Այդ ժամանակաշրջանէն ետք հայ հասարարակական մտայնութեան մէջ հակառուսական դիրքորոշումները ուռճացան։
Ռուսաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը անթաքոյց կերպով բազմիցս արտայայտուած է Հայաստանի ներկայ իշխանութեան տապալման ի նպաստ։ Իսկ ներկայիս, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի վերոնշեալ յայտարարութիւններէն ետք, Ռուսաստանի Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան յայտարարած է, որ Հայաստանի անվտանգութեան գլխաւոր սպառնալիքը Փաշինեանն է ու անոր կառավարութիւնը։
Այս բոլորին դիմաց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը շատ հետեւողական կերպով հետամուտ է Ատրպէյճանը ստիպելու, որ անպատճառ մինչեւ կլիմայի COP29-ի համաժողովը՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրէ։ Եւ վերջնականապէս Ռուսաստանի ազդեցութիւնը կտրելու համար Հարաւային Կովկասէն եւ Միջին Ասիայէն՝ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոսիոյ գծով տեղակալ Օ՚Պրայընի տարածաշրջան կատարած (…) այցելութեան յստակ դարձաւ որ ԱՄՆ-ի համար էական է հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը Միջին Ասիայէն մինչեւ Թուրքիա ու Միջերկրական՝ անցնելով Ատրպէյճանէն ու Հայաստանէն։
Իսկ Ատրպէյճան այս գործընթացը դանդաղեցնելու համար որոշեց ձեռնարկել խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու, որոնք տեղի պիտի ունենան սեպտեմբերին։ Այնուհետեւ ալ նախատեսուած են ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւնները, որոնք կրնան յեղաշրջել այդ երկրին ներկայ կառավարութեան ծրագրերը։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի