ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Այս վերջինը, որ նոր կոչուած է պաշտօնի, այս շրջանին կ՚ունենայ շարք մը հեռախօսազրոյցներ զանազան երկիրներէ պաշտօնակիցներու հետ։ Արաղչի, որ հեռաձայնով զրուցած էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ, շաբաթավերջին կապ հաստատեց նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրները Ֆիտան-Արաղչի զրոյցին շուրջ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած՝ միայն տեղեկացուած է, որ նախարարները Կազզէի իրավիճակին անդրադարձած են եւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած՝ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ։
Արաղչի-Պայրամով զրոյցի ընթացքին ալ շօշափուած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային իրադարձութիւնները։ Նախարարները անդրադարձած են նաեւ միջազգային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերուն։
ԻՐՆԱ գործակալութեան հաղորդումներով՝ Ապպաս Արաղչի շաբաթավերջին յայտարարութիւններ ըրաւ Թեհրանի նոր վարչակազմի առաջնահերթութիւններուն շուրջ։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հատ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու վերացման համար։ Ան լրագրողներու նկատառման յանձնեց, որ այս ուղղութեամբ աւելորդ աճապարանք կամ ձգձգում տեղի պիտի չունենայ։ Նորանշանակ նախարարը բացատրեց, որ դիւանագիտական դաշտը ընդլայնելու համար Իրանի վարչակազմը առաջնահերթութիւն կ՚ընծայէ հարեւան երկիրներուն եւ Եւրոասիոյ տարածաշրջանին։
Իրանի նոր կառավարութիւնը պաշտօնի ձեռնարկած է՝ Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակի բազմապատիկ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ։ Ներկայիս «Հիզպուլլահ»ն ու Իսրայէլը փոխադարձ յարձակումներ կը կազմակերպեն եւ թիրախաւորումները շատ աւելի յաճախակիօրէն կ՚ընդգրկեն նաեւ Լիբանանը։ «Համաս»ի նախկին ղեկավար Իսմայիլ Հանիէյի Թեհրանի մէջ Իսրայէլի կողմէ սպաննուիլը իրադարձութիւնները նոր հարթութեան մը վրայ դրած է։ Իսրայէլ արդէն կը ձգտի պատերազմի աշխարհագրութիւնը ընդլայնել։ «Հիլպուլլահ»ի քայլերն ալ կը ծառայեն այդ նպատակին։ Հանիյէի մահափորձէն ի վեր կը սպասուի նաեւ Թեհրանի վրէժին։ Իրանի կողմէ Իսրայէլի դէմ յարձակում մը կ՚ակնկալուի՝ մինչ միջազգային դերակատարները կը ջանան հնարաւորինս զսպել եւ հակակշռել ամէն ինչ։
Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Ապպաս Արաղչի ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Իրանի արձագանգը Իսրայէլին կ՚ըլլայ շատ լաւ հաշուարկուած ու վերջնական։ «Մենք ի տարբերութիւն Իսրայէլի, մագլցման չենք ձգտիր։ Մենք չենք վախնար մագլցումէ, սակայն զայն չենք ուզեր», նշեց նորանշանակ նախարարը։