ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅԵՐԸ ՓՈՒԹՈՎ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆ
Արցախէն բնիկ հայերու տարհանումը կը շարունակուի։ Ողբերգական դրուագները իսկապէս սրտի ճմլում կը պատճառեն ամբողջ հայութեան։ Տեղահանութեան սկսած ժամանակ պաշտօնական աղբիւրները աւելի յստակ վիճակագրութիւններ կը հաղորդէին, սակայն ներկայիս գաղթը այնպէս մը թափ հաւաքած է, որ տուեալներու համադրումը, ըստ երեւոյթին, բաւական դժուար է։ Միայն կը հաղորդուի, որ Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհը ահաւոր ծանրաբեռնուած է եւ խցանումներու հետեւանքով նոյնիսկ շտապօգնութեան ինքնաշարժները կը դժուարանան հիւանդները փոխադրել։
Միւս կողմէ, Արցախի մէջ երէկ պատահեցաւ նաեւ ուրիշ ցաւալի դէպք մը։ Իվանեանի մէջ վառելանիւթի պահեստէ մը ներս պատահեցաւ սարսափելի պայթում մը, ինչ որ խլեց զոհեր եւ պատճառ դարձաւ վիրաւորներու։ Վիճակը այնքան լուրջ է, որ վիրաւորները Հայաստան կը փոխադրուին ուղղաթիռներով։
Տարհանումը կազմակերպելու համար Սիւնիքի մէջ կը գործեն առանձին կեդրոններ։