ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ ՔԱՅԼԵՐ

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կ՚ընթանան նպատակասլաց քայլերով ու ներկայիս շատ աւելի համարձակ կ՚արտայայտեն՝ Զանգեզուրի միջանցքի բացման ուղղեալ իրենց ձգտումը։ Անգարայի եւ Պաքուի դաշնակցային համագործակցութիւնը արդէն կը պայմանաւորէ Հարաւային Կովկասի նոր հաւասարակշռութիւնները, ինչ որ անանտեսելի է նաեւ համաշխարհային տեսանկիւնէն։ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ իրականացուած «հակաահաբեկչական յատուկ միջոցառումներու գործողութիւնը» ապահոված է, որ կողմերը ամբողջութեամբ կեդրոնանան Զանգեզուրի միջանցքին վրայ։ Արդարեւ, մինչեւ մօտաւոր անցեալը Ատրպէյճան 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ կը ջանար կախուածութեան մէջ դնել Լաչինի եւ Զանգեզուրի միջանցքները։ Հայաստան կը հակադարձէր՝ դիտել տալով, որ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ նշուած միակ միջանցքը Լաչինն է։ Այժմ արդէն Ատրպէյճանի վերջին ռազմական գործողութիւններով Լաչինի միջանցքի հարցը փակուած է գործնականօրէն։ Ատրպէյճան ամբողջութեամբ հասած է իր նպատակին՝ առանց Հայաստանի հետ սակարկելու անհրաժեշտութեան։ Ուստի, Արցախին ամբողջութեամբ տիրանալէ վերջ այժմ Ատրպէյճան ամբողջութեամբ կը կեդրոնանայ Զանգեզուրի միջանցքի բացման վրայ եւ այս առումով ալ Թուրքիոյ անվերապահ զօրակցութիւնը կը վայելէ։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Նախիջեւանի երէկուան ժամադրութիւնը ամենայն յստակութեամբ աշխարհի աչքին առջեւ պարզեց այս իրավիճակը։ Ալիեւ Էրտողանը դիմաւորեց զինուորական արարողութեամբ։ Երկու նախագահներուն առանձնազրոյցը տեւեց ժամ մը եւ անոնք միասնաբար Իգդիր-Նախիջեւան բնական կազի խողովակաշարի հիմնարկէքին մասնակցեցան։ Թուրքիոյ կողմէ վերանորոգուած Նախիջեւանի ռազմակայաններէն մէկուն պաշտօնական բացումն ալ կատարուեցաւ երկու նախագահներուն կողմէ։

Ելոյթին ժամանակ Էրտողան Ատրպէյճանի յաղթական բանակը շնորհաւորեց՝ թէ՛ վերջին գործողութեան ժամանակ արձանագրուած յաջողութեան եւ թէ քաղաքային բնակչութեան նկատմամբ ցուցաբերուած մարդասիրական վերաբերմունքին բերումով։ Ան համոզուած է, թէ այս վերջին յաղթանակով տարածաշրջանէն ներս ծաւալուն բնականոնացման համար նոր հնարաւորութեան պատուհաններ բացուած են։ «Համոզուած եմ, թէ այս հնարաւորութիւնը պէտք է արժեւորուի։ Հայաստան պէտք է սեղմէ իրեն պարզուած խաղաղութեան ձեռքը ու կը սպասենք, որ այլեւս անկեղծ քայլեր առնէ։ Մենք մեր ժողովուրդներուն պարտական ենք՝ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւնը, անդորրութիւնն ու բարգաւաճումը։ Մենք այս պարտքը հատուցելու կէտին վրայ վճռակամ ենք ու անկեղծ։ Մեր մաղթանքն է, որ մեր երկխօսներն ալ դրսեւորեն նոյն անկեղծութիւնը», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Ալիեւն ալ նշեց, որ Շուշիի հռչակագիրով Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները նոր հարթութիւն մը թեւակոխած են։ Ան ըսաւ, որ երկու երկիրները տարածաշրջանային իրադարձութիւնները ճիշդ ուղղութեան վրայ կը դնեն՝ իրարու զօրակցելով։ «Մենք կը փափաքինք, որ տարածաշրջանէն ներս ըլլայ խաղաղութիւն ու կայունութիւն, պատերազմ չենք ուզեր։ Ատրպէյճանի ժողովուրդը Թուրքիոյ զօրակցութիւնը պիտի չմոռնայ։ Հայաստանի բանակը 24 ժամուան ընթացքին յանձնուեցաւ ու մեր պայմանները ընդունեց», ըսաւ Ալիեւ եւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած վերջին ելոյթին համար շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Էրտողանին։ Ան շեշտեց, որ Էրտողան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն պաշտպանած է Ատրպէյճանի շահերը եւ հանդէս եկած է արդար, միջազգային իրաւունքի հիմքով յայտարարութիւններով։ Սա Թուրքիոյ կողմէ հերթական եղբայրական քայլն է։

Նախիջեւանի երէկուան ամենաբարձր մակարդակի վրայ տեղի ունեցած շփումին ժամանակ, ըստ երեւոյթին, երկու ղեկավարներու բերնէն Զանգեզուրի միջանցքին վերաբերեալ ընդգծեալ յայտարարութիւններ չհնչեցին, անոնք բաւարարուեցան ակնարկութիւններով։ Յամենայնդէպս, պաշտօնական հրապարակումներն ու զանգուածային լրատուութեան միջոցներու նիւթերը մատուցելու ձեւը այնպէս մըն է, որ Զանգեզուրի միջանցքին բացումը ուղղակիօրէն կը թիրախաւորուի։ Հաղորդումներուն մէջ նշուած է, որ Էրտողան եւ Ալիեւ շօշափած են ժամ առաջ Զանգեզուրի միջանցքի բացումը՝ Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը կապելու համար։ Լրատուամիջոցները տեղ կու տան քարտէսներու ու կը շեշտեն, որ որքան կենսական է այդ միջանցքին բացումը՝ Իրանի սահմանին զուգահեռ։

Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով երէկ Նախիջեւանի մէջ ստորագրուեցան նաեւ շարք մը նոր համաձայնագրեր։

Միւս կողմէ, Անգարա-Պաքու դաշնակցային համագործակցութիւնը այնքան գերակշիռ մակարդակի մը բարձրացած է, որ հանրային կարծիքին ուղղեալ պատգամներուն մէջ ամէն ինչի հարթ անցումի տպաւորութիւնն ու ինքնավստահութիւնը աչքի կը զարնէ միանշանակ։ Կողմերը ակնյայտօրէն ունին Զանգեզուրի միջանցքի բացման յամառ պահանջը եւ այս մթնոլորտին մէջ է, որ խաղաղութեան ձեռք կը պարզեն Հայաստանին եւ յոյս կը յայտնեն, որ այդ ձեռքը օդին մէջ չի մնար։ Մինչդեռ, տարածաշրջանէն ներս իրադարձութիւնները շատ աւելի կը բարդանան Հայաստանի տեսակէտէ։ Արդարեւ, եթէ խաղաղութիւնը ըլլայ այդ պարունակին մէջ եւ Զանգեզուրի միջանցքն ալ բացուի, ապա արդէն այդ խաղաղութիւնը բաւական ձեւական բնոյթ մը պիտի ունենայ, որովհետեւ այդ պայմաններուն ներքեւ գործնականօրէն կրնայ դժուարանալ Հայաստանի գոյութիւնը՝ որպէս պետութիւն։ Այս առումով իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասուի հետաքրքրութեամբ՝ յամենայնդէպս Անգարա կը շարունակէ Երեւանի պարագային յարաբերաբար մեղմ խօսոյթը։

ՍՊԱՍՈՒՄ

Տարածաշրջանի իրադարձութիւններու ամբողջին մէջ սպասումը կը շարունակուի նաեւ Անգարայի կողմէ վերջերս օրակարգի վրայ բերուած առաջարկը, որով Էրտողան փափաք յայտնած էր, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը քննարկէ քառակողմանի ձեւաչափի մը մէջ՝ Ալիեւի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Թէեւ այդ առաջարկէն վերջ գործնականօրէն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր չէ մնացած, սակայն օրակարգի վրայ կը մնան որոշ հարցումներ։ Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոստի» ռուսական գործակալութեան յայտնած է, որ Անգարա տակաւին Մոսկուայի հետ չէ քննարկած այս առաջարկը, սակայն կան ծրագրեր։ Սոյն առաջարկի ժամկէտին ու վայրին վերաբերեալ տակաւին յստակութիւն չկայ։ Կը պահանջուի բոլոր կողմերու համաձայնութիւնը։ Դիւանագիտական աղբիւրը նշած է, որ առայժմ հարցը առաջարկի մակարդակի վրայ է, յստակութիւն չկայ, տակաւին որեւէ քննարկում չէ եղած, բայց նման ծրագրեր կան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2023