ԱՅՍՕՐ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ Է ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ, ՊԼԻՆՔԸՆԻ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Նիւ Եորքի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի հանդիպումներուն առթիւ անոնք կը գտնուին Նիւ Եորքի մէջ եւ այդ համախմբումը առիթ հանդիսացած է, որպէսզի Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ Երեւան-Պաքու երկխօսութիւնը շարունակուի, երբ կողմերը ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ բաւական յառաջընթաց արձանագրած են։

Արարատ Միրզոյեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան՝ արձանագրելով, որ համագործակցութիւնը կը զարգանայ շարք մը կարեւոր ուղղութիւններով։ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան իրավիճակի համատեսքին մէջ անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընաթացի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց, որ այս պահուն կայ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման իսկական հնարաւորութիւն եւ այդ մէկը արժեւորելու համար անհրաժեշտ է ամուր քաղաքական կամք։ Հայկական կողմը յստակ կ՚արտայայտէ իր քաղաքական կամքը։

Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ՝ Քաղաքակրթութիւններու ֆորումի նախարարական հանդիպման։ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիք զտումէ յետոյ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայկական մշակութային ժառանգութիւնը վերացման սպառնալիքի ենթակայ է», յայտարարեց Արարատ Միրզոյեան հաւաքի ընթացքին։

Միրզոյեան ժողովի ընթացքին ընդգծեց, որ ներկայիս աշխարհ կը բախուի աննախադէպ մարտահրաւէրներու, ժառանգութեան եւ մշակութային բազմազանութեան դէմ աճող թիրախաւորումներու եւ պատմական ինքնութիւններու եւ արմատներու ժխտման։ Իր խօսքով՝ կեղծ մշակութային պատումները կ՚օգտագործուին՝ որպէս զէնք արդարացնելու համար տարածքային պահանջները եւ բորբոքելու հակամարտութիւնները՝ խարխլելով տուժած պետութիւններու անվտանգութիւնը, կայունութիւնը, ընկերատնտեսական եւ մշակութային զարգացումը։ «Ի դէմս այս վտանգներու հրամայական է, որ մենք ամրապնդենք մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղեալ գործող հաստատութիւնները», համոզուած է նախարարը։

Միջազգայնի կառոյցներու՝ մանաւանդ ՄԱԿ-ի յառաջատար գործակալութիւններէն ԻՒՆԷՍՔՕ-ի դերակատարութիւնը ընդգծելով՝ Արարատ Միրզոյեան շարունակեց. «Դժբախտաբար, Հայաստանն ալ անմասն չէ մնացած աշխարհակարգի ներկայ վերիվայրումներու հետեւանքներէն՝ բախելով աճող անհանդուրժողութեան, այլատեացութեան եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիք զտումներէ յետոյ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայկական մշակութային ժառանգութիւնը վերացման սպառնալիքի տակ է։ Հայաստան այս առումով մեծապէս կ՚աջակցի Լեռնային Ղարաբաղ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի անկախ փորձագէտներու առաքելութեան անյապաղ ուղարկուելուն՝ վտանգուած հայկական մշակութային ժառանգութեան գնահատման, փաստաթղթաւորման եւ պաշտպանութեան համար։ Հայկական մշակութային ու կրօնական վայրերու դիտաւորեալ եւ համակարգուած ոչնչացումը, պղծումն ու իւրացումը կը հանդիսանայ Միջազգային արդարադատութեան ատեանի՝ իրաւաբանօրէն պարտագիր որոշման ուղղակի խախտում, ինչ որ Ատրպէյճանը կը պարտաւորեցնէ ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները կանխելու եւ պատժելու վանտալիզմը եւ պղծման բոլոր դէպքերը, որոնք կ՚անդրադառնան հայկական մշակութային ժառանգութեան՝ ներառեալ եկեղեցիները եւ այլ կրօնական կառոյցները, յուշարձանները, տեսարժան վայրերը, գերեզմանները»։ Ելոյթի աւարտին Արարատ Միրզոյեան յիշեցուց, որ յառաջիկայ դեկտեմբերի 18-ին Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորումին 8-րդ հանդիպումը։

Այսօրուան եռակողմանի հանդիպման ընդառաջ, Ճէյհուն Պայրամով երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2024