«3+3-1». ՍԻՒՆԻՔԻ ՀԱՆԳՈՒՑԱԿԷՏԻՆ

Արցախի վերջին միօրեայ պատերազմէն ետք կարելի է արձանագրել, որ եռակողմանի յայտարարութիւնը (9 նոյեմբեր 2020) չեղեալ նկատուած է: Անոր ամբողջ հանգոյցը 9-րդ կէտն է, այլ խօսքով՝ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը: Եռակողմանին հրադադարի յայտարարութեան սահմաններէն շատ հեռուն գացած է եւ անցած տնտեսաքաղաքական նոր յարաբերութիւններու՝ առանց անուանապէս յիշելու, ըստ էութեան, սակայն, ներգրաւելով տարածաշրջանային ուժերը՝ Իրանէն մինչեւ Վրաստան, անցնելով Թուրքիայէն, Ռուսաստանէն եւ Ատրպէյճանէն:

Մէջբերենք 9-րդ կէտը. «Կ՚ապաշրջափակուին տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՚երաշխաւորէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրական հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը՝ քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրական հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը կ՚իրականացնեն Ռուսաստանի ԱԴԾ (Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան) սահմանապահ ծառայութեան մարմինները»։

Առաջին նախադասութենէն այս յօդուածը կը խօսի տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման առաջադրանքին մասին: Այնուհետեւ, ապաշրջափակումը կը մասնաւորուի Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ ստեղծուելիք փոխադրական հաղորդակցուղիներուն վրայ:

Նախ եւ առաջ, ապաշրջափակումը Նախիջեւան-Ատրպէյճան գիծին կը վերաբերի: Աւելի խորաթափանց հայեացքը կը տեսնէ, որ հիմնականին մէջ Թուրքիան Ատրպէյճանին միացնող ապաշրջափակման նախագիծ մըն է արծարծուածը՝ չըսելու համար Թուրքիա-Կեդրոնական Ասիա պետութիւններ: Անգարա, որ կը փոխկապակցէ Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու հաստատումը, բնականաբար, իր առաջադրած կամուրջի ընկալումով կը պայմանաւորէ Հայաստանի հետ իր սահմանին բացումը:

Ռուսաստանի առընչութիւնը յստակ է՝ հաղորդակցուղիները պիտի վերահսկուին իր ուժերուն կողմէ: Ռազմավարական տարածաշրջանային նշանակութեամբ այս կենսաճանապարհի վերահսկողութիւնը, ըստ էութեան, ռուսական է՝ համաձայն եռակողմանիին:

Շարունակենք 9-րդի տողերու ետին գոյութիւն ունեցող հատուածներուն ընթերցումը: «Կ՚ապաշրջափակուին տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերը»: Իրանը տարածաշրջանին մէջ շրջափակուած երկիր է: Իր կողմէ թիրախաւորուած եզրագիծը Սեւ ծովն է: Հոն հասնելու առաջին կամուրջը Սիւնիքն է, որմէ ետք՝ Վրաստանը:

Սիւնիքը, ուրեմն, երկու ուղղութիւններով հանգուցակէտ է կամ խաչմերուկ: Թուրքիա-Կեդրոնական Ասիա կամ Նախիջեւան-Ատրպէյճան եւ Իրան-Եւրոպա՝ Սեւ ծովու ճամբով: Երկու ռազմավարական ուղղութիւնները՝ ռուսական վերահսկողութեամբ: Բայց եռակողմանին չեղեալ նկատուած է, հետեւաբար նաեւ՝ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը առաջադրած 9-րդ կէտը: Երեւան այլեւս յանձնառութեան տակ չէ խաչմերուկային կամ հանգուցակէտային այս ճանապարհը գործարկելու:

Պիտի առարկուի, որ Երեւան գործօն չէ նման ռազմավարական նշանակութեամբ եւ տարողութեամբ որոշումներու չեղեալ նկատման մէջ: Նման որոշում տարածաշրջանի գլխաւոր խաղացողներու համաձայնութիւնը կ՚ենթադրէ՝ Իրանէն մինչեւ Վրաստան, անցնելով Թուրքիայէն եւ Ռուսաստանէն: Միայն Թուրքիան Ատրպէյճանին կապելու դրութիւնը չի բաւարարեր Իրանը, որ վճռականօրէն դէմ է պահանջուած «միջանցք»ին: Սակարկութիւն կը սկսի, երբ Սիւնիքի շուրջ համաձայնութիւն ըլլայ նաեւ՝ տարանցիկութեամբ Իրանին դէպի Սեւ ծով ելք տալու:

Հիմա անդրադառնանք, որ տարածաշրջանային ապաշրջափակման այս բաղադրիչները ներկայացնելու պահուն կը խօսինք Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի մասին: Քաղաքական տրամաբանութեան պարունակին մէջ կը տեղաւորուի, ուրեմն, եռակողմանին չեղեալ նկատուելէն անմիջապէս ետք, երկու տարի առաջ մեկնարկած, բայց առկախուած «3+3»ի վերագործարկման որոշումը, յետ գլխաւոր խաղացողներու միջեւ խորհրդակցութիւններու:

Կարեւոր է այս ձեւաչափին գումարման վայրը՝ Թեհրանը: Առ երեւոյթ կը նկատուի, որ այս ձեւաչափէն դուրս մղուած է Արեւմուտքը: ՆԱԹՕ-ի երկրորդ ուժը, սակայն, կամրջուող երկիր է եւ հիմնականին մէջ այս ձեւաչափի առաջին ճարտարապետը: Իրանի ապամեկուսացումը փուլային կշռոյթներ ունի: Թիֆլիզ տակաւին չէ համաձայնած ներառուիլ ձեւաչափի մը մէջ, ուր Մոսկուան ներկայ է: Այդ պատճառով ալ ձեւաչափը «3+3-1» է:

Դժուար է հաստատելը, որ Վրաստանի մերժումը ինքնուրոյն է: Քաղաքական տրամաբանութեամբ՝ արեւմտեան ներշնչանք ունի: Կը թուի, թէ այդ ներշնչանքը առաւելաբար Մոսկուայի դէ է՝ քան Թեհրանի: Եւ այդ պարագային ամբողջ հանգոյցը պիտի վերաբերի Սիւնիքի կամուրջի վերահսկողութեան:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2023