ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԲԱՑՈՒՄ
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ մը Գանատայի նոր դեսպանատան բացումը տեղի ունեցաւ, ինչ որ առիթ դարձաւ նաեւ բարձր մակարդակի այցելութեան մը։ Այսպէս, դեսպանատան բացման առթիւ Երեւան այցելեց Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի, որ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան առանձնազրոյց մը ունեցաւ իր պաշտօնակցին հետ։ Անոնք գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, նաեւ յարգանքի այց մը տուին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Ժոլի օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Նախարարներու համատեղ մամոլոյ ասուլիսին ընթացքին ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու սահմանման հարցն ալ կը գտնուի սեղանին վրայ։ «Գանատա կ՚աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան», յայտարարեց ան։ Հիւր նախարարը վարչապետին հետ ալ քննարկեց Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մելանի Ժոլի այցելեց նաեւ Հայաստանի Ջերմուկ քաղաքը։
Ժոլիի շփումներուն զուգահեռ՝ կը հաղորդուի, որ Գանատա կը հանդիսանայ Եւրոմիութենէ դուրս առաջին երկիրը, որ կը միանայ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան։